image

«Մենք կանգնած ենք պատերազմի սեմին» Լիբանանի նախագահի խորհրդական

«Մենք  կանգնած ենք պատերազմի սեմին» Լիբանանի նախագահի խորհրդական

Լիբանանի նախագահի խորհրդական Ժան Ազիզ «Ալ Ժատիտ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին պատմած է, որ նախագահական պալատը Հարիրիի հրաժարականէն անմիջապէս ետք մեծ թիւով նամակներ ստացած է արտասահմանէն, ուր կը շեշտուի, թէ տեղի ունեցածը հրաժարականի ճգնաժամ չէ, այլ Լիբանանի դէմ ուղղուած մեծ յարձակման նախապատրաստում: Ազիզ յայտնած է, որ նկատի ունենալով այդ հանգամանքը, Լիբանան կը փորձէ ըստ այնմ կատարել իր քայլերը, որովհետեւ երկիրը արտաքին մեծ վտանգի առջեւ կանգնած է:

«Բացայայտ նամակ ստացանք, ուր գրուած էր, թէ խնդիրը հրաժարականի կամ կառավարութեան փոփոխութեան խնդիր չէ, եւ ոչ ալ վերադարձ է դէպի 2006 թուականի յուլիսեան պատերազմ, կամ 13 հոկտեմբերի դէպքեր, այլ Լիբանանի մէջ այսօր տեղի ունեցածը վերադարձ է դէպի 1982 թուականի դէպքեր, եւ Լիբանանը հարուածելու մեծ որոշումը կայացուած է միջզգային բարձր մակարդակով, խաղն աւարտած է, եւ պարտաւոր էք այս որոշման հետ համակերպիլ, ու դուք ձեզ պաշտպանելու համար անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել», պատմած է Ազիզ, աւելցնելով, Լիբանանի պատասխանը շատ յստակ էր, թէ 1982 թուականին թիրախը Պաղեստինի ազատագրական շարժումն էր, իսկ այսօր Լիբանանի մէջ օտարերկրացիներ չկան, այլ միայն լիբանանցիներ, հայրենասէրներ, որոնք Լիբանանի սպառնացած որեւէ վտանգի պարագային պիտի ընդդիմանան անոր:

Հարցազրոյցի աւարտին Ժան Ազիզ շեշտած է. «Առաջնայինը Լիբանան է, եւ մենք ենք, որ պիտի որոշենք մեր ճակատագիրը այստեղէն՝ Պէյրութէն»