image

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն

Քիչ առաջ «Ալ-Արապիա» կայանէն ուղիղ եթերի մը ընթացքին Լիբանանի վարչապետ Սաատ Ալ-Տին Ալ-Հարիրի ներկայացուց իր հրաժարականը:

Հարիրի նկատել տուաւ որ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը շատ վտանգաւոր է եւ ինք անձամբ կրնայ ենթարկուիլ ահաբեկչական արարքի: Ան նաեւ յայտնեց, որ հակառակ իր Լիբանանը շրջանային հարցերէն հեռու պահելու քաղաքականութեան, Իրան ամէն ճիգ գործեց թելադրելու եւ պարտադրելու համար իր կամքը:

Հարիրի նաեւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը նմանցուցած է իր հօր Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան օրերը յիշեցնող իրավիճակին:

Ան նաեւ ըսաւ, որ իր կարծիքով լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը կը համարուի Իրանի գործիքը ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ շրջանին մէջ:

Հարիրի իր խօսքը աւարտելով յոյս յայտնեց, որ լիբանանցիները բաւարար ուժ կ'ունենան ներքին եւ արտաքին բոլոր ճնշումներուն դէմ կանգնելու համար:

Յիշեցնենք, որ 48 ժամ առաջ վարչապետ Հարիրի ընդունած էր Իրանի իսլամական հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ իմամ Ալի Խամէնեի անձնական ներկայացուցիչ Ալի Աքպար Ուիլայաթին եւ անոր հետ քննարկած շրջանի ընդհանուր իրավիճակը:

Աւելի ուշ Հարիրի մեկնած է Ռիատ եւ այսօր ան կը ներկայացնէ իր հրաժարականը: