image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր բօթ Հալէպէն. 1.5 Տարեկան փոքրիկը մահացած է ժահրի պատճառով

Ծանր բօթ  Հալէպէն.    1.5 Տարեկան    փոքրիկը  մահացած է   ժահրի  պատճառով

1.5 տարեկան  փոքրիկն Կարէն Տըլտլեան իր  իր մահականցուն կնքած է  Հալէպի մէջ:Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի   հարազատներէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ  երեխան     օրեր  առաջ անհանգստացած  է  եւ   ուրբաթ  երեկոյեան  ծանր  վիճակով փոխադրուած է հիւանդանոց: 

Ծանրագոյն կռիփի ժահրին    դէմ   բժիշկներուն գործադրած բոլոր ջանքերը   անցած են ապարդիւն, եւ    երեխան  մահացած է:

Անոր   յուղարկաւորութեան  եւ թաղման կարգը կատարուած են շաբաթ օր Հալէպի  Սուրբ Աստուածածին   եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալ  փոքրիկին մարմինը ամփոփուած է   Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Կարէն Տըլտլեան     սուրբ մկրտութեան  արժանացած էր  հոկտեմբերին, եւ «Արեւելք»   այդ  առթիւ կատարած է  կարճ լրատուութիւն մը՝ անոր մկրտութեան   մէջ տեսնելով Հալէպի  վերակենդանացումը   տեսնող խորհուրդ  մը:

 

«Արեւելք» կը կիսէ  փոքրիկն  Կարէնի հարազատներուն  ապրած   վիշտը     հաւատալով, որ  բարձրեալն Աստուած   երեխային հոգին  կ'ընդունի եւ կը պահէ  այն լոյսերու մէջ: