image
Հրատապ լուրեր:

Մարաշէն մինչեւ Գահիրէ... Գաղթի ճամբով անցած հայու վերարկուն բերուած է Երեւան

Մարաշէն   մինչեւ Գահիրէ... Գաղթի  ճամբով անցած   հայու վերարկուն բերուած  է Երեւան

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն կը տեղեկանանք, որ եգիպտահայ Երվանդ Կանիմեանը օրերս Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է իր հօր վերարկուն: Հայրը՝ Էֆլաթոն Կանիմեան այս վերարկուն կրած է Մարաշէն մինչեւ Եգիպտոս գաղթի ճանապարհին: 

Էֆլաթոն Կանիմյանը մեծ ընտանիքի՝ Յովհաննէս Կանիմեանի եւ Մարիամ Չալեանի եօթերորդ զաւակն էր, ծնած էր Մարաշ՝ 16 Օգոստոս 1900-ին: 

1920-ի սկիզբին, երբ ֆրանսական զօրքերը կը լքէին Մարաշը Էֆլաթոն Կանիմեանը գաղտնի միանալով անոնց՝ հեռացած է հայրէնի քաղաքէն: Ցուրտ եղանակային պայմաններուն դիմակայելու համար՝ Մարիամը՝ Էֆլաթոնի մայրը, իրենց տան կարպետը վերաձեւած է վերարկուի եւ տուած որդիին: Ֆրանսական զօրքերու հեռանալէն ետք քեմալականները մտած էին Մարաշ, հայերը դիած էին ինքնապաշտպանութեան եւ շուրջ 20 օր կենաց ու մահուան կռիւ տուած են: Երիտասարդ Էֆլաթոնը փրկուած է վերահաս մահէն՝ նախապէս փախուստի դիմելով: Էֆլաթոն Կանիմեանը Եգիպտոս գաղթելէն ետք ամուսնացած է Ազնիւ Օրջանեանի հետ եւ ունեցած հինգ երեխայ: Էֆլաթոն Կանիմեանը մահացած է 1985-ին:

Այս մասին յաւելեալ       տեղեկութիւնները      «Արեւելք»ի՝  արեւելահայերէն  բաժնին մէջ: