Ահաբեկչական երկու յարձակումներ գործուած են այսօր Դամասկոսի մէջ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Սանա» պաշտօնական գործակալութիւնը, որ նաեւ յայտնեց, որ երկու ահաբեկիչներ անձնասպանական գործողութիւն գործած են Դամասկոսի «Խալէտ ըպն ուալիտ» թաղամասին մէջ:
Ըստ նախնական տուեալներու պայթումներուն հետեւանքով զոհուած է մէկ անձ եւ կան վեց վիրաւորներ:
Աղբիւրը իր տեկեղութիւնները շրջանի ոստիկանութենէն վերցնելով նաեւ կը յայտնէ, որ շրջանի ոստիկանները յաջողած են ձախողցնել երրորդ գրոհայինի մը գործողութիւնը, որ կը փորձէր մուտք գործել «Ալ պալէ» մարդաշատ թաղամասը: Ահաբեկիչը, որ պաշարուած է ոստիկանութեան կողմէ ստիպուած եղած է ինքզինք պայթեցնել:
Նշենք, որ անցնող տաս օրերուն այս երկրորդ ահաբեկչական դէպքն է, որ կը գրանցուի Սուրիոյ մայրաքաղաք ՝ Դամասկոսի մէջ: