image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ հայ մայրերը

Սուրիոյ  հայ  մայրերը

«Զիլ Խօսք»էն կը կարդանք

 

Անոնք, որ վերջին վեց տարիներուն ցաւը իր սրտին երկրէ երկիր եւ քաղաքէ քաղաք քալեցին: Անոնք, որ իրենց զաւակներուն սպիտակ դագաղներուն առջեւ՝ լուռ  իրենց  վէրքը  փակեցին:

Անոնք, որ իրենց զաւակներուն թաղման վայրը չիմացան: Ու վերջապէս անոնք, որ մինչեւ այս պահը իրենց զաւակներու վերադարձին կը սպասեն…

Սուրիոյ հայ մայրերը:  Ինչքան ցաւ տեսան այդ մայրերը:

Այս տողերը կը գրուին  պահու մը, երբ Տէր Զօրի մէջ  իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարող հայորդիներէն նոր տեղեկութիւններ կը հասնին:

Վերջին   տարիներուն  եղած լռութիւնէն եւ անորոշութիւնէն ետք  պարզ կը դառնայ, որ Տէր  Զօրի  մէջ  հայ զինուորներ կան,  որոնք ողջ- առողջ  են եւ կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը այնտեղ:

Տէր Զօրը  խորքին մէջ  խոիրհրդանշական իմաստ  մ’ունի մեզի համար:

Առանց մտնելու   այդ  քաղաքէն  «ժայթքող» զգացական շղարշին  մէջ, պէտք է արձանագրել, որ Տէր Զօրէն առաջ ալ Սուրիոյ հայ մայրերը մեծ տառապանքներ ապրեցան:

Հալէպի մէջ, այդ քաղաքի գիւղական հատուածներուն, Դամասկոսի մէջ, Տարհայի մէջ, Լաթաքիոյ  եւ Քեսապի մէջ եւ նոյնիսկ  Սուրիոյ պատերազմի  ամէնէն «կարմիր» կէտը համարուող Ռաքքայի մէջ ալ մեր մայրերը կորուստներ  ունեցան,  ցաւ ունեցան,   վէրք ունեցան:

Մեր կ’ըսեմ, որովհետեւ  Սուրիոյ  ամբողջ   պատերազմի  ընթացքին անոնք էին, որ  հայութեան  պատիւը բարձր պահեցին:

Այո, Սուրիոյ  հայ  մայրերը, պատիւի, փառաց պսակի արժանի եղողներն են:

Մենք չէինք, որ հայութեան   պատիւը բարձր պահեցինք:

Մենք չէինք, որ Երեւանի կամ Պէյրութի, Լոս Անճելըսի կամ Մոնթրէալի ճաշարաններու բազկաթոռներուն  նստած եւ մեր ուտելիքներու պատկերները քաղելով հայութեան փառքն ու պատիւը   հիւսեցինք:

Ճիշդ է, որ Սուրիոյ պատերազմը   մեր  ընտրանքով  կամ  մեր «սրտով»  եղած  պատերազմ մը չէր: Մենք պատերազմի սիրահարներ չէինք ու այդ վիշապի թեւերով  մեր վրայ թեւածող  պատերազմը թունաւոր  կաթիլներ դրաւ ամբողջ հայութեան    մարմնին մէջ:

Պահանջուածը կեցուածք էր թերեւս,  ու Սուրիոյ հայ մայրերը այդ կեցուածքը  պահպանեցին:

Պահանջուածը սուրիական հայրենիքին հանդէպ յարգանքի խօսք մըն էր, ու անոնք ըսին այդ խօսքը:

Մենք քաղաքականութեան մասին չէ, որ կը խօսինք, այլ մարդուս հաւատարմութեան, իր կերած պնակին ու խմած  ջուրի հորին մէջ քար չնետելու մասին  է, որ կը խօսինք: Ու այդ պարագային ալ Սուրիոյ հայ  մայրերը տուին մեր պատասխանը:

Ամբողջ հայութեան   պատասխանը:

Նորութիւն եւ գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ անգամ մը եւս կրկնենք Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատու մարմիններուն կեցուածքը  Սուրիոյ պատերազմին  մասին, որ  առողջ  եւ  ամբողջ  հայութեան շահերէն բխող   կեցուածք մըն էր:

«Մենք  այս  պատերազմին մէջ  կողմ չենք» ըսին Հայաստանի  մարմինները, ու ճիշդ  ըրին:

Ճիշդ էին, որովհետեւ մեր շահերէն, մեր անվտանգութեան հիմնախնդիրներէն ու ազգային տեսլականէն հեռու էր այդ պատերազմին մէջ կեցուածք մը ունենալու եւ արկածախնդրութիւններ ընելու  վտանգաւոր ընտրանքը:

Այսօր ալ նոյնն է:

Հայութիւնը   այսօր ալ   կողմ չէ այդ պատերազմին  մէջ ու մեր բոլորին  շահերը կը թելադրեն, որ   Սուրիոյ տագնապը հանգուցալուծուի միմիայն քաղաքական       համաձայնութեամբ , խաղաղարար     ճիգերով եւ    հարցերը   երկխօսութեամբ լուծելու   տրամաբանութեամբ:  Անշուշտ,  եթէ  դժգոհ   կողմերուն մօտ  երկխօսութեան սեղանին նստելու տրամադրութիւնը կայ:

Այս բոլորէն անդին սակայն, յստակ է, որ սուրիահայութեան բազմապիսի  խնդիրներուն լուծումը այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ մարտահրաւէր է ամբողջ  հայութեան:

Տարիներ անց պարզ պիտի դառնայ, որ Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան մեր մայրերը, Սուրիոյ հայ մայրերը բարձր  պահեցին  մեր անունն ու պատիւը:

Անոնք արիւն տուին  այդ երկրին, իրենց արգանդէն ծնած զաւակներու կեանքը  դրին ի սպաս  այդ երկրին, որ երկար  ժամանակէ ի վեր, ոչ միայն ծննդավայր  այլ նաեւ երկրորդ հայրենիք դարձաւ շատ- շատերու:

Ու այսօր, աւելի քան որեւէ  ժամանակ  մենք    բաւարար   պատճառները ունինք  յայտարարելու եւ  ըսելու, որ Սուրիոյ   հայ մայրերը  մեր  բոլորին փառաց պսակն  են:

Մեր կրօնական թէ աշխարհիկ մարմիններն ալ պարտաւոր են ամենայն յարգանք, սէր եւ պատիւ ցուցաբերել այդ մայրերուն ու անոնց  վերաբերմունքը սահմանափակուած  պիտի չըլլայ    լոկ բառերով:

Անոնցմէ շատ-շատերը այսօր յայտնուած են աշխարհի  տարբեր անկիւններուն մէջ: Անոնցմէ շատերն ալ սեւեր հագած կը սպասեն, որ իրենց որդիներուն շիրիմները յայտնաբերուին, որպէսզի աւելի ուշ պատշաճ ձեւերով թաղման խորհուրդին արժանան եւ  հանգչին  Հալէպի   ազգային գերեզմանատան   մէջ:

Այս բոլորին   հետ զուգահեռ  ու  անսալով  մեր խղճի ձայնին, պէտք է   պատիւ ընենք այդ մայրերուն, որոնք  մեր սրբութիւն սրբոցն  են:

Անոնք փրկեցին մեր պատիւը եւ արժանի  են պատիւի:

Սուրիոյ հայ մայրերը  մեր գլխուն թագն  են: Բարձր պահենք այդ թագը:

Բարձր պահենք այդ պատիւը:

 

«Զիլ Խօսք»