image

«Տահէշ» «առնէտ»ի տեղ կը դնէր իր գերիները

«Տահէշ»  «առնէտ»ի տեղ  կը դնէր իր գերիները

«Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորումը «քիմիական փորձեր» կը կատարէր գերեվարեալ քաղաքացիներուն դէմ: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Սբութնիք» ծառայութեան  արաբական բաժանմունքը: Աղբիւրը նոյնպէս կը նշէ, որ  այս մասին տուեալները յայտնի դարձած են յատկապէս «Նինուէ» եւ «Մուսուլ» քաղաքներուն  ազատագրումէն  ետք:

 Իր կարգին Իրաքի կառավարութեան ապահովական եւ հետախուզման հարցերու գրասնեակի պետ Հաշէմ Ալ Հաշէմի հաւաստած է, որ «Տահէշ»ի զինեալները իրենց ետին թողած են տասը թոնի հասնող քիմիական նիւթեր: Ըստ իրաքցի պատասխանտուին, «Տահէշ»ի ահաբեկիբչները իրենց պատասխանատու շէյխէն հրաման եւ «ֆաթուա» ստանալէ ետք, փորձեր կը կատարէին յատկապէս եզիտի եւ քրիստոնեայ անզէն բնակիչներուն դէմ, յայտատարելով,որ անոնք անհաւատ են եւ կարելի է այդպիսի փորձեր կատարել անոնց դէմ:

 

 2014 թուականէն սկսեալ հրապարակ ելած «Տահէշ» խմբաւորումը Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ այլ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ անմարդկային ծանր սպանդներ կատարեց եւ այսօր ըստ փորձագէտներու, խմբաւորումը կը գտնուի իր «վերջին օրեր»ուն մէջ: