image

«Սուրիան Խաղաղութեան Նոր Հանգրուան Մը Պիտի Մտնէ» «Արեւելք»ին Ըսաւ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան

«Սուրիան  Խաղաղութեան Նոր Հանգրուան   Մը  Պիտի  Մտնէ» «Արեւելք»ին Ըսաւ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան

   «Արեւելք»  այսօր յաջողեցաւ կապ հաստատել  Սուրիոյ Հայ  Աւետարանական  եկեղեցւոյ  նախագահ   Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանին հետ:  Վերապատուելին   յայտնեց, որ   անցնող օրերուն գրանցուած   ծանր ապահովական իրավիճակէն     ետք  վերջին   գրեթէ  48 ժամերուն Հալէպի իրավիճակը համեմատաբար  խաղաղ է: Պատուելի  Սէլիմեան նաեւ   նկատել տուաւ, որ    խաղաղ  բնակիչներուն դէմ     ահաբեկիչներուն   կողմէ  կատարուած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով շատ մը հայ եւ տեղացի բնակիչներ ստիպուած եղած են շրջանէն  հեռանալ:    Պատուելի Սէլիմեան    կարեւորեց  վերջին օրերուն  Ռուսիոյ  զինուորական դերին   երեւումը եւ այն   պայմանաւորեց  միջազգային  թատերաբերմին վրայ Սուրիոյ հանդէպ նոր   իրավիճակներու     յայտնաբերմամբ:    Ան  ըսաւ, որ   28 Սեպտեմբերին      Ժընեւի մէջ Սուրիոյ տագնապին լուծման   համար կայացուելիք ժողովը կարեւոր է, ուր  կարեւոր եզրակացութիւններ  կրնան հասուննալ Ռուսիոյ   միջին արեւելքի մէջ   ունենալիք դերին  առընթեր: Ան   շեշատդրեց,   որ   Ռուսիոյ վերջին գործողութիւնները այդ մասին կը յուշեն:  «Արեւելք»ի  խօսակիցը ըսաւ,  որ     Սուրիոյ  մէջ   յաւելեալ զէնքերու  կուտակումը  անպայման չի նշանակեր    աւելի    ծանր  պատերազմական փուլերու սկիզբ մը այլ       այդ մէկը  պատգամ է   ուղղուած  ծայրայեղական իսլամիստներուն, որոնց կարգին   է    «Իսլամական Պետութիւն»ը    յայտնելով, թէ  անոնք   արագօրէն   պէտք է հեռանան   Սուրիոյ  բոլոր շրջաններէն: Վերապատուելին   չի բացառեց, որ յառաջիկայ հանգրուանը պիտի ըլլայ  խաղաղութեան   հանգրուան մը:  Անոր կարծիքով Ռուսիա     իր այս քայլերով     կ'արտայայտէ  մտահոգութիւնը  ոչ միայն Սուրիոյ կառավարութեան եւ   նախագահ Պաշշար Ասատին  հանդէպ,    այլ  ռուսական կողմին համար     գերխնդիր է  նաեւ Ռուսիոյ  ազգային անվտանգութիւնը: Վերապատուելին նաեւ ըսաւ, որ հալէպահայութիւնը , որ  այսօր մօտաւորապէս   կը հաշուէ 8000  հազար   կը մնայ անդրդուելի եւ կը փորձէ բնականոն կերպով  շարունակել իր կեանքը: Ան խօսելով դպրոցական իրավաիճակին մասին շեշտեց, որ ոչ մէկ հալէպահայ ընտանիք   իր զաւակները  վարժարան ուղղարկելու խնդիր ունի, որովհետեւ բոլոր դպրոցները    երկրին մէջ տիրող ծանր պայմաններուն համար     անվճառ  կ     կ'ընդունին հայ  աշակերտութիւնը:   Վերապատուելին անդրադարձաւ   արեւմտեան երկիրներու կողմէ    գաղթականներ ընդունելու  երեւոյթին եւ  ըսաւ, թէ  «Հալէպահայութիւնը անտեսելով շփացած արեւմուտքի   սուրիացի գաղթականներ ընդունելու մասին  կատարած յայտարարութիւնները   առիթները կը շարունակէ կառչած մնալ իր       արմատներուն  եւ  շարունակել կառչիլ Հալէպի եկեղեցիներուն,  ազգային կառոյցներուն եւ ակումբներուն» Աւարտին  Վերապատուելի Սէլիմեան կոչ ուղղեց   հայութեան բոլոր հատուածներուն, որպէսզի իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ  շարունակեն օժանդակութիւններ տրամադրել ծանր  պայմաններու   տակ գտնուող  սուրիահայերուն: Պատուելիին կարծիքով  «Սուրիահայութեան իւրաքանչիր  անհատ  հերոս է, որ   դիմադրութեան  գնով  ճակտին  ունի   պատուոյ նշան մը եւ այդ նշանը  կը պատկանի ամբողջ հայութեան»: