image
Հրատապ լուրեր:

Պիտի վերանորոգուի Հալէպի «Կիլիկեան» վարժարանը. Ընթացք առած է առաջին փուլը (Լուսանկարներ)

Պիտի վերանորոգուի Հալէպի   «Կիլիկեան» վարժարանը. Ընթացք առած է առաջին  փուլը  (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ սկիզբ առած են «Կիլիկեան»  վարժարանի    վերանորոգման աշխատանքները:

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Հալէպի իր աղբիւրէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ  վերանորգման  աշխատանքները   պիտի կեդրոնանան յատկապէս  վարժարանի երկրորդական բաժնի  մասնաշէնքին  վրայ:

Նշենք, որ «Կիլիկեան»  վարժարանը հիմնուած  է 1921 թուականին, եւ այն կը համարուի   յետ եղեռնեան շրջանին Հալէպի մէջ հիմնադրուած առաջին   վարժարանը:

Դպրոցը կը բաղկանայ  երեք շէնքերէ ՝  մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական:  Դպրոցը,  ըլլալլով   բախումներու  գիծին մօտիկ  շրջանի մը  մէջ   կը համարուի պատերազմին  հետեւանքով ամէնէն շատ վնասուած  վարժարանը:

Ծանր  վնասներ կրած են    Մանկապարտէզի եւ  Երկրորդականի   մասնաշէնքերը, մինչ   նախակրթարանի շէնքը  ամբողջութեամբ   աւերակուած է:

«Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով     դպրոցի վերանորոգման   որոշումին սատար կը հանդիսանայ  ՍԴՀԿ Սուրիոյ  Վարիչ Մարմինը, որ նաեւ   յարմար համարած է    ներկայիս վերանորոգել Երկրորդական բաժնի    մասնաշէնքը, որպէսզի  կարելի ըլլայ յառաջիկայ ուսումնական  տարեշրջանին     վարժարանի  աշակերտները ընդունիլ այդ պատմական յարկին տակ:

Յիշեցնենք, որ Հալէպը  հարուածող պատերազմի  ամբողջ  տեւողութեան «Կիլիկեան»ը չփակեց իր դռները: Դպրոցի պատասխանատուները   ապահովական  ծանր  պայմաններուն  հետեւանքով յարմար  համարեցին դասաւանդութիւնները շարունակել «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան յարկին տակ, որուն  գտնուած  շրջանը    համեմատած «Կիլիկեան»   վարժարանի  շրջանին  կը համարուրէր  աւելի ապահով շրջան մը:

Մեր տիրապետած  տեղեկութիւններով   վարժարանի ամբողջական վերանորոգումը  կը կարօտի  մեծ  գումարներու եւ  վարժարանի հոգաբարձու մարմիններն ու  պատասխանատուները  լիայոյս են, որ ամբողջ  հայութիւնը  շօշափելի   ճիգերով եւ նեցուկով  իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Կիլիկեան»  վարժարանի վերանորոգման  նուիրական  գործին:

Հալէպի  հայկական  վարժարանները հայապահպանութեան   համար մղուող պայքարի  առաջին    պարիսպներն են եւ հայութիւնը պարտաւոր է ամէն  գնով    տէր կանգնիլ ու վերանորոգել   այդ հայաբոյր    «բերդեր»ը: