image

ISIS Հրկիզած Է Թալ Ապեատի «Սուրբ Խաչ» Եկեղեցին Եւ Հրկիզած Մկրտութեան Աւազանը (Տեսանիւթ Եւ Լուսանկարներ)

ISIS Հրկիզած  Է  Թալ Ապեատի «Սուրբ Խաչ»  Եկեղեցին  Եւ Հրկիզած Մկրտութեան   Աւազանը  (Տեսանիւթ Եւ Լուսանկարներ)

 

   ISIS Ահաբեկչական խմբաւորումը    հրկիզած   Թալ Ապեատի     Հայ Առաքելական «Սուրբ Խաչ»  եկեղեցին   եւ պղծած       մկրտութեան  աւազանը:  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւններ ստացաւ ներկայիս  Թալ Ապեատի մէջ   ապրող  հայրենակիցէ մը, որ  ապահովական   պատճառներով    նախընտսրեց իր անունը չյիշատակել: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այսօր շրջանին մէջ կ'ապրին  10  հայ ընտանիքներ:«Արեւելք»ի  աղբիւրը նաեւ նշեց, որ   «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչները իմանալէ ետք, որ  եկեղեցիին շրջափակը գտնուող ծառերը տնկուած են հայերու ձեռամբ արմատախիլ ըրած են  զանոնք: Մեր աղբիւրը  նշեց,  որ   «Իսլամական պետութեան»  զինեալներ եկեղեցիի      կից գտնուող   սենեակները  վերածած են   բանտերու, ուր  կը կարծուի, որ կատարած են գլխատումներ:  Ներկայ պահուն շրջանը կը գտնուի քրտական   Բէշմարքայի եւ PKK–ի զինեալներու տիրապետութեան տակ, որոնք թէժ մարտեր մղելէ ետք յաջողած են    վտարել ահաբեկիչները շրջանէն: «Արեւելք»ի աղբիւրը   ըսաւ, որ քիւրտերը  երեւելի  օգնութիւն  տուած են  տեղի հայերուն եւ օժանդակած, որ   «Սուրբ Խաչ» եկեղեցին մաքրուի:  Մեր հայրենակիցները    ներկայիս դրամահաւաք կը կատարեն վերանորոգելու համար  եկեղեցին:  Նշենք, որ   մեր աղբիւրին համաձայն     Թալ Ապեատի դէմ «Իսլամական   պետութեան» վտանգը առկայ է այնքան ատեն, որ  այդ ահաբեկիչները կը գտնուին     շրջանին կից գտնուող եւ իրենց գլխաւոր կեդրոնատեղին համարուող  Ռաքքա քաղաքին մէջ:  Աղբիւրը աւարտին  նշեց, որ ռուսական  ուժեր   անցնող   օրերուն  ծանր  հարուածներ կը կատարեն Ռաքքայի    մէջ գտնուող   «Իսլամական պետութեան» կեդրոնատեղիներուն դէմ:  Նշենք, որ  Թալ Ապեատէն այսօր  «Արեւելք»ի ստացած տեսանիւթը կարելի է դիտել  սեղմելով ՝ այստեղ: