image

Գերմանիա մտադիր է 200,000 հազար փախստական ետ Սուրիա վերադարձնել

Գերմանիա  մտադիր է 200,000   հազար  փախստական   ետ Սուրիա   վերադարձնել

Գերմանիոյ զարգացման նախարարը՝ Կըրտ Մուլլէր յայտարարեց թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը արդէն սկսած է աշխատիլ այն ծրագիրին վրայ, որուն շնորհիւ կառավարութիւնը պիտի վերադարձնէ Սուրիայէն հասած 200,000   փախստականներ՝ դէպի  Սուրիոյ ապահով շրջանները:

Մուլլէրը բացայայտեց, որ  Սուրիոյ հարաւ –արեւմտեան շրջանին մէջ     հաստատուած  զինադադարը՝ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի համաձայնութեամբ, յոյս կ’առաջացնէ, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը պիտի դադրի:

Ան  ըսաւ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յատուկ ծրագիրի մը միջոցաւ՝ 200,000 փախստական պիտի վերադարձնէ Սուրիա, սակայն՝ Գաղթականութեան եւ Փախստականներու հարցերու պատասխանատու Դաշնային Գրասենեակը տակաւին չէ հաստատած ծրագիրը:

Զարգացման նախարարը նշեց թէ Սուրիոյ հարաւի վիճակը յարմար է սուրիացի փախստականները վերադարձնելու ազատագրուած  եւ ապահով շրջանները: