image
Հրատապ լուրեր:

Զիս մի փնտռեր, ես հոս շատ հանգիստ եմ. Հալէպի մէջ առեւանգուած Մարտօ Տիշչէքէնեանի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ

Զիս մի փնտռեր, ես հոս շատ հանգիստ եմ. Հալէպի մէջ առեւանգուած  Մարտօ Տիշչէքէնեանի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անյայտ

Պատերազմի   ամէնէն թէժ օրերուն Հալէպի մէջ առեւանգուած է Մարտօ Տիշչէքէնեանը:   Անոր մայրը`  տիկին    Հռիփսիմէն  առիթով մը    սրտառուչ   գրառում մը կատարելով՝       վերյիշած է   իր որդին եւ   գրած  իրենց ապրած     ոդիսականին մասին:   Ան  ներկայիս   կ'ապրի Գանատա: «Արեւելք» զրուցեց   հալէպահայ մեր  հայրենակիցին  հետ՝  փորձելով լոյսին  բերել   այն պայմանները, որոնք  անցնող հինգ տարիներուն  բաժին ինկան մեզի համար  սիրելի  սուրիահայերուն:    

 «Արեւելք»

 

 

 


-Տիկին Հռիփսիմէ, ե՞րբ եւ ո՞ւրկէ առեւանգեցին Ձեր տղուն:

 

-23, հոկտեմբեր, 2012-ին Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի մզկիթին մօտակայքէն:  Տղաս 50 տարեկան էր,  Հալէպի  «Հլլոք»   շրջանին մէջ խանութ ունէր: Նոյն Տարին, մայիսին, խանութը   թալանուեցաւ,  եւ  այդ պատճառով ալ    դարձաւ  անգործ:  Յետոյ սկսաւ  ոսկի ձուլելու   համար  օգտագործուող   կաւէ  ամաններ պատրաստել: 

Տղաս երկու անգամ ամուսնացած է:  Առաջին կնոջմէ երկու զաւակ ունի. Վարդիվառը 25 տարեկան, իսկ Մեղրին՝ 27: Երկրորդ կնոջմէն ալ  19 տարեկան      աղջիկ զաւակ մը ունի:  Մեղրին եւ Վարդիվառը հետս կ’ապրին:  Այդ օրերուն երկրորդ կինը, աղջկան հետ Հասաքէ գացած էր:  Քրոջը տղուն առեւանգած էին, եւ առեւանգողները դրամ կը պահանջէին:  Կինը այդ դրամը տարաւ:      

Մարտոն կը բնակէր  Հալէպի  «Նոր Գիւղ»  շրջանը:  Ես իրեն վերջին ագամ տեսայ երկուշաբթի օրը, իսկ չորեքշաբթի, երբ տունէն իջած էր հաց առնելու, մզկիթին մօտէն առեւանգած են զինք: Չենք  ալ  գիտեր, թէ որոնք  էին  զինք  առեւանգողները:

 

-Դուք փնտռեցի՞ք զինք:  Որեւէ պատասխանատու  կողմի մը  հետ խօսեցա՞ք:

 

-Անշո՛ւշտ փնտռեցի:  Գացի Սուլէյմանիէի կառավարական կեդրոնը եւ տղուս առեւանգման  մասին լուր տուի:  Անձնագրային բաժին ալ գացի, ետքը ըսին համալսարան ալ գնայ լուր տուր:   Անշուշտ,  Առաջնորդարան  ալ դիմեցինք` մեր ազգականը գնաց հոն:  Առաջնորդարանը մէկ շաբաթ փնտռեց, բայց չկրցաւ բան մը իմանալ:  Սակայն ես շարունակեցի փնտռել:  Յուսահատ, սկսանք նոյնիսկ մեռելներուն մէջ փնտռել: Լսեցի, որ  «Սըրեան» շրջանի Ալ Սալամ քրէական գրասենեակը 1400 դիակ բերած են: Արտօնագիր առի   եղբօրս հետ հոն գացի, տղաս մեռելներուն մէջ փնտռելու:  Եղբայրս այդ տեսարանին չդիմացաւ եւ նուաղեցաւ` դիակները ծածկուած չէին, ճանճերը  դիակներուն վրայ կը վխտային,  մէկուն փորը բացուած էր, միւսին ոտքերը չկային, ուրիշի  մը ակռաները քաշած էին…  Երբ հոն ալ չգտանք, յոյս ունեցանք զինք  ողջ գտնելու: Մտածեցի՝ տղաս արհեստաւոր է. իրեն ողջ պահած են եւ  գործ  տուած  իրեն: Սկսայ առեւանգողներէն հեռաձայն սպասել, յոյս ունենալով, որ կը  զանգեն եւ փրկագին կ'ուզեն:  Շատ մեծ յոյսեր  ունէի տեղէ մը ձայն լսելու:  Սակայն՝՝ ապարդիւն:

Ամուսինս մահացած է, աղջիկս Յունաստան է, պզտիկ տղաս՝ Գերմանիա:  Գաղթական   հայու  կեանք մը  ունեցանք, ու այս խօսքը   կը վերաբերի գրեթէ  բոլոր   հալէպահայերուն:

 

-Հիմա ո՞ւր կ’ապրիք:

 

-Ես երկու տարի Հալէպ մնացի, սակայն կեանքը դժուար էր հոն`ջուրի, վառելիքի, ուտելիքի խնդիր կար. սղութիւն էր:  23 յունիս, 2014-ին, մենք բոլորս Պէյրութ գացինք:  Հոն լսեցինք, որ ամէն մարդ Գանատա կը փորձէ երթալ:   Երիտասարդներն ալ ուզեցին երթալ:  Ես Գանատա հօրեղբօր տղայ ունիմ, իրեն դիմեցինք, ինքն ալ օգնեց մեզի եւ երեք ամիս առաջ Գանատա հասանք:  Հարսս եւ իր աղջիկը Պէյրութ կ’ապրին: 

Սիրուած ընտանիք էինք Հալէպի մէջ:   Սիրով կ’ապրէինք եւ լաւ յարաբերութիւններ ունէինք   բոլորին  հետ: Ամուսնոյս  խանութը, որ Ճեմարան դպրոցի քովն էր, երիտասարդական ակումբի վերածուած էր:   Մենք միշտ  սիրած ենք Հալէպը   , սակայն պայմանները ստիպեցին,  որ   Գանատա հասնինք:    

 

-Յոյս ունի՞ք  ձեր զաւակը գտնելու:

 

-Ես հաւատացեալ կին եմ եւ  կը հաւատամ հրաշքներուն:   Իմ կամքովս չէ, որ տղաս պիտի վերադառնայ:  Միշտ իմ աղօթքներուս մէջ կ’ըսեմ, Տէր Յիսուս, եթէ ողջ է տղաս` դուն իրեն բեր, եթէ մահացած է` թող հանգիստ ննջէ: 

Քանի մը անգամ երազիս մէջ տեսայ  զինք: Անգամ մը  ինծի ըսաւ՝ դուն չես փնտռեր զիս: Ըսի՝ տղաս ես  փողոցները ինկած ամէն օր քեզ կը փնտռեմ: Անգամ մըն ալ իրեն տեսայ պարտէզի մէջ նստած: Ճերմակ հագած էր եւ քովը ուրիշ ճերմակ հագած անձեր կային:  Երբ ինծի տեսաւ, ոտքի ելաւ եւ ըսաւ՝ մամ ինչո՞ւ  հոս եկար:   Իրեն ըսի՝ քեզ կը փնտռեմ:  Ըսաւ՝ ինծի մի փնտռեր, ես հոս շատ հանգիստ եմ:

Չեմ գիտեր, չեմ գիտեր տղաս, ի՞նչ ըսեմ, կամ ի՞նչ մտածեմ:  Ինչ ըսեմ կը սխալիմ:

 

-Ուրիշ հայեր կա՞ն, որ առեւանգուած մնացին:  Տեղեկութիւններ ունի՞ք:

 

-Այո՛, շատե՜ր կան:  Տղուս առեւանգումէն  երկու օր ետք, Լիբանանէն Հալէպ գացող հանրակառքի մէջէն   7 հայ տղամարդ առեւանգեցին եւ մինչեւ  օրս  անոնցմէ  լուր մ’իսկ չկայ: Ուրիշներ ալ կան:   Չենք գիտեր՝ ո՞ղջ են, թէ՞ մեռած: 

 

 


 

-Ձեր   որդւոյն՝ Մարտոյին զաւակները ի՞նչ կ’ըսեն:

 

-Ինչ ըսեմ՝ զաւակները շուարած են:  Շատ չեն արտայայտուիր, սակայն պզտիկ աղջիկը սկիզբը յոյս ունէր, որ հայրը    կը  վերադառնայ, բայց  հիմա՝  ոչ: իսկ Կ’ըսէ հայրս պիտի չվերադառնայ: 

 

-Ձեր կարծիքով Հալէպի վիճակը կը լաւանա՞յ:

 

-Չեմ կարծեր:   Հայութիւնը սփռուեցաւ, եւ ամէն օր  գաղթողներուն թիւը կը շատնայ: Երիտասարդները դուրս    կու  գան: Հալէպ միայն ծերերը մնացին: 

2013-ի Սուրբ Զատկուան    ատեն  Հալէպի Աստուածածին եկեղեցին գացի: Այդ տարին, Արամ  Վեհափառը «Տարեցներու Տարի» անուանած էր:  Երբ Սրբազանը կը կարդար կաթողիկոսի ուղերձը, ներկայ կիները, որոնց զաւակները ստիպուած գաղթած էին, տրտնջացին եւ անոնցմէ մէկը ըսաւ՝  «անտէր մամաներու  եւ պապաներու տարի»: 

Այսօրուան  Հալէպի վիճակը կը յիշեցնէ գաղթի տարիները, երբ տղամարդոց,  երիտասարդներուն  պարտադիր կերպով  զինուորագրեցին եւ մնացին միայն  փոքրերն  ու  ծերերը:

Այն մարդիկ, որոնք կարողութիւն  ունէին`  ելան  Հալէպէն, իսկ անոնք որոնք կարողութիւն չունէին` մնացին: Նաեւ մնացին այն մարդիկ, որոնք չկրցան  ձգել իրենց տունը եւ ունեցուածքը:  Ես ի՞նչ պիտի ընեմ տունս,  եթէ վախով պիտի շարունակեմ ապրիլ:   Մտահոգ էի  թոռնիկներովս: Չուզեցի, որ երկրորդ փորձանք մըն ալ ապրինք: 

 

   Զրոյցը` Ս. Ա.-ի