Լիբանանի մէջ 4 նոյեմբերը պաշտօնապէս ընդունուած է որպէս Լիբանանի կանանց օր: Այս մասին կը տեղեկացնէ LBC հեռուստակայանի կայքէջը:
Լիբանանի կանանց իրաւունքներու հայազգի նախարար Ժան Օղասապեանը, կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է. «Նախարարութիւնը հաւանութիւն տուաւ, ամէն տարի 4 նոյեմբերը նշել որպէս Լիբանանի կանանց օր, խնդրելով պետական բոլոր մարմիններէն ապահովել լաւագոյն միջոցները, որոնք բոլոր ոլորտներուն մէջ կը բարձրացնեն Լիբանանի կանաց դերը եւ կը խրախուսեն անոնց յառաջընթացը, հասնելու` տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակներու»: