image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայերու նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս՝ «Հանրապետութեան հրապարակ» մեթրոյի կայարանին մէջ

Սուրիահայերու նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս՝ «Հանրապետութեան հրապարակ» մեթրոյի կայարանին մէջ

«Հանրապետութեան հրապարակ» մեթրոյի կայարանին մէջ մինչեւ 26 ապրիլ սուրիահայերու նուիրուած լուսանկարչական ցուցահանդէս կը գործէ: 

Ցուցահանդէսը, որ կը կրէ «Վերսկիզբ. Սիրիահայերի յաջողութիւններն ու աւանդը Հայաստանի ձեռնարկատիրութեան ոլորտում» խորագիրը, կազմակերպուած է Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան (GIZ) կողմէ եւ կ'ամփոփէ նոյն կազմակերպութեան իրականացուցած «Սիրիացի փախստականների տնտեսական ինտեգրումը Հայաստանում» ծրագրի արդիւնքները: 

Ցուցահանդէսին կը ներկայացուին վերջին տարիներուն պատերազմի պատճառով Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած եւ Հայաստանի մէջ պիզնէս հիմնած սուրիահայերու պատմութիւնը: