image
Հրատապ լուրեր:

«Ծովու պատերազմ»ը իր տարերքին մէջ

«Ծովու  պատերազմ»ը իր տարերքին     մէջ

 

Ժամեր առաջ #Կարեւոր զարգացում մը գրանցուած է Կարմիր Ծովուն մէջ, երբ իրանեան «Սավիզ» (նաւը հետախուզական առաքելութեան մէջ է) նաւը յարձակման թիրախ դարձած է։
Լուրը առաջինը տուած է իրանեան «Թասնիմ» գործակալութիւնը նշելով, որ «Սավիզ»ի պարտականութիւնն է ապահովել իրանեան նաւերու անվտանգութիւնը։
Ցարդ ոչ մէկ կողմ ստանձնած յարձակման պատասխանատւութիւնը, իսկ ԱՄՆ շտապած է յայտարարել, որ իրենք կապ չունին եղածին հետ։
Նշեմ, որ այս գրոհը տեղի կունենայ այն պահուն երբ ընթացքի մէջ Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւնները Վիենայի մէջ եւ անշուշտ շատ հեռու չերթալով եղածը կապ ունի վերջերս աշխուժ հուն մտած «Ծովային պատերազմ»էն, որուն գլխաւոր շահառուն կրնայ միայն Իսրայէլն ըլլալ։
Անգամ նման հարուածներ ստանալով, Իրան կը շարունակէ մնալ տարածաշրջանային առումով ամենաուժեղ խաղացողներէն մին, չըսելու համար ամենաուժեղը։
Յ.Գ. Յիշեցնեմ, որ գրոհը եղած է ծովային կպչուն ականներու միջոցաւ եւ մինչեւ այս պահը կորուստներու կամ նաւուն վիճակին մասին յստակ տուեալներ չեն հաղորդուիր