image

Ո՞ւր հասցուցին Լիբանանն ու լիբանանցիները (Տեսանիւթ)

Ո՞ւր հասցուցին Լիբանանն ու լիբանանցիները (Տեսանիւթ)

Անդունդի եզրի՞ն, սովի դռա՞ն կամ թէ ներքին քաոսի ճամբուն։
Անցնող օրերուն համացանցի ճամբով տարածուած այս տեսանիւթը բոլոր առումներով բարացուցական է։ Երկու քաղաքացիներ հանրախանութի մը մէջ կը վիճին, որ որու բաժին իյնայ փոշի կաթի վերջին տոպրակը։ Երկուքն ալ բնականաբար գումարով պիտի ստանան այդ կաթի փոշին, բայց խնդիրն այն է, որ տնտեսական ծանր դրութեան հետեւանքով առաջին օգտագործման ապրանքները սկսած են պակսիլ։
Տնտեսական շուկայի «կէտ ձուկեր»ը տոլարի սակին անկասելի բարձրացման հետ կը մերժեն ապրանք ներմուծել, իսկ այն հաստատութիւնները, որ շուկան «կերակրելու» բաւարար ապրանք ունին «կը պահեն» այդ ապրանքները, որ վաղուան օրը աւելի թանկի վաճարեն։ Ու այս բոլորին առջեւ քաղաքացին մինակ կը մնայ եւ անզօր։
Բացայայտ է, որ արեւմտեան խաղացողներուն կողմէ Լիբանանի վզին նետուած այս օղակը աւելիով պիտի սեղմուի, մինչեւ այն պահը, որ քաղաքական լուծումներու օրը գայ։
Այդ սակայն շատ սուղ կրնայ նստիլ Լիբանանի վրայ, որ տարբեր ու յայտնի պատճառներով կրնայ «բռնկիլ» եւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական «առեւտուր»ի նժարին վրայ նոր կշռաքար մը դառնալ։
Յ.Գ. Քիչ մը շատ «գրականոտ» եղաւ գրառումս, ներեցէք ատոր համար ու եթէ մէկ խօսքով ըսեմ, ապա պիտի գրեմ, որ Լիբանան կը մտնէ «սով»ի մատնուելու մեծ վտանգին առջեւ։