image

Յայտնի են Իրանեան նախաձեռնութեան հիմնական կէտերը

Յայտնի են Իրանեան  նախաձեռնութեան հիմնական կէտերը

Սագօ Արեան 

 

 

Արցախեան տագնապի լուծման համար նախատեսուած Իրանեան կողմի նախաձեռնութեան հիմնական դրոյթները արդէն յայտնի են։ Երկար բարակ չգրելու համար արդէն իսկ պարզ կը դառնայ, որ Իրան կողմ է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբին մէջ կարեւոր դեր վստահուի Թուրքիոյ, իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախեան գետնի վրայ ակնկալուած քայլերուն, ապա մեր հարեւանը, այս տագնապի հանգուցալուծման համար նպատակայարմար կը տեսնէ, որ Հայկական կողմը Ատրպէյճանին յանձնէ 5+2 շրջանները։ Յստակ է նաեւ, որ Իրանի նախաձեռնութեան առընթեր կայ Ռուսաստանեան բացայայտ համաձայնութիւն։ Այստեղ իմ համար մէկ բան անհասկնկալի կը մնայ, արդեօք Իրան պատրաստ է Արցախի հատուածէն իր սահմանակից հողերուն վրայ ընդունի ՆԱԹՕ-ի մէկ անդամին ներկայութիւնը, որ տարբեր կապերով ալ մեծ առնչութիւններ ունի Իրանի գլխաւոր թշնամի՝ Իսրայէլի հետ։
Մինչ ռազմաճակատէն դրական լուրեր կը հասնին, քաղաքական առումով ընդհանուր պատկերը շատ աղօտ է ու առնուազն «անհասկնալի»։ Ի դէպ իրանեան նախաձեռնութեան մէջ ոչ մէկ նշում կայ Արցախի մէջ խաղաղապահ ուժերու տեղադրման մասին. Օրակարգ մը, որ չափազանց կարեւոր է, որուն մասին ալ սակայն կը հանդիպիմ յաճախ չափազանցուած եւ մեծամիտ նկրտումներու։ (Լուսանկարը ՝ Իրանի ԱԳ նախարարի տեղակալ ՝Ապպաս Արաքճին է, որ օրերս հանդիպումներ կայացուց՝ Պաքուի, Երեւանի եւ Անգարայի մէջ)։