image

«Հօրս մահէն ետք. Ան թեւ ու թիկունք էր մեզի համար» Բիզանդ Թիւթիւնճեանի յիշատակին

«Հօրս մահէն ետք. Ան թեւ ու թիկունք էր մեզի համար» Բիզանդ Թիւթիւնճեանի յիշատակին

«Արեւելք»ի  աշխատակիցներէն Տիկն. Թամար Գասպարեան  օրեր  առաջ  կորսնցուց իր քեռայրը՝ Բիւզանդ Թիւթիւնճեանը։

Հալէպահայ մեր հայրենակիցը սիրուած եւ յարգուած անուն էր հալէպահայ շրջանակներուն համար։ Այս տխուր առթիւ  «Արեւելք» իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ  հանգուցեալի  հարազատներուն եւ որպէս վշտակցութեան արտայայտութիւն կը հրապարակէ մեր աշխատակից՝ Տիկն. Թամար Գասպարեանի  ստորագրած մահախօսականը։

 

Սիրելի քեռայրիս՝ Բիւզանդ Թիւթիւնճեանի յիշատակին

Քեռայրս Բիւզանդը իմ քրոջ ամուսինը չէր միայն այլ իմ մեծ եղբայրը, որ իր խրատներով ու խորհուրդներով միշտ ներկայ էր: Հօրս մահէն ետք իսկական թեւ թիկունք էր: Իմ պսակիս ինքն էր հարսը առաջնորդողը, պարտականութեան տէր հոգատար եղբօր պէս:  Ամուսնոյս սրտակից ընկեր, զաւակներուս սիրելի Բիւզանդ քեռայրն էր, որուն կարծիքը միշտ յարգուած:

Կնոջը՝ Աստղիկին հետ ապրեցաւ 42 տարի, եղաւ սիրող ու ուշադիր ամուսին: Սիրեց երեք զաւակները՝ Լարան, Արան եւ Շահանը, դաստիարակեց ու քաջալերեց, որ բարձր ուսում ստանան ու հասնին իրենց փափաքներուն: Փեսան՝ Ռաֆֆին ու երեք թոռնիկները կը պաշտէին զինք, կը վայելէին իր գուրգուրանքն ու հոգատարութիւնը, այս ամառ, համաճարակի պատճառով դժբախտաբար չկրցան գալ Սուրիայէն, ինչպէս կ'ընէին անցնող տարիներու ընթացքին, բայց վստահ եմ, որ իրենց մեծ հօր խօսքերը միշտ պիտի հնչեն իրենց սրտերուն մէջ:

Ցաւօք, որ այդ համաճարակն ալ արագօրէն խլեց զինք մեզմէ, հակառակ որ շատ զգոյշ ու շատ հետեւողական անձ մըն էր:

Բոլորին կը ցանկար բարիք ու լաւութիւն, երբ տեղեկութիւն մը գիտնար, անպայման շուրջիններուն հետ կը բաժնէր, հարկ տեղն ալ երբեմն կը զգուշացնէր: Խօսելու ճարտարութեամբ, երբեմն ալ կատակներով, դէպի ճիշդը կ'ուղղէր:

Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունէր, հաւատարմօրէն կը պահէր հայկական ծէսերը. կիրակի օրերը, եկեղեցւոյ հաւատացեալները պիտի փնտռեն զինք: Մարդասէր էր ու մարդամօտ: Ամէնէն դժուար պարագաներուն իսկ, դրական մօտեցում կը ցուցաբերէր: Բարի սիրտով  կը խրախուսէր շուրջինները, լաւատեսութեամբը  կ'ոգեւորէր, իսկ երբ ըստ սովորութեան շրջապատուած ըլլար սիրելի հիւրերով, ուրախ տրամադրութեամբ ու իր յատնի հիւրասիրութեամբ կը շէնցնէր մթնոլորտը:

Սուրիոյ պատերազմը նիւթական մեծ հարուածներ հասցուց իրեն, բայց երբեք չկարողացաւ կոտրել անոր աշխոյժ, երիտասարդ ու պայծառ հոգին, երբեք չյուսահատեցաւ: Հայրենասիրութիւնը թելադրեց հաստատուիլ հայրենիք, մեծ յոյսերով ու նոր կորովով:

Ինչպէս Հալէպի մէջ բարեգործութիւններ կ'ընէր, շարունակեց նաեւ հայրենիքի մէջ: Առատաձեռն էր ու կամեցող: Փոքր տարիքէն Հ.Մ.Ը.Մական շարքերէն ներս սորված էր կարգն ու կանոնը: Միութենական գործունէութեամբը՝ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ եւ Ա. Մանուկեան կեդրոնի խնամակալ ըլլալով, օգտակար դարձած էր հայութեան:

Խունկ եւ մոմ շիրիմիդ Սիրելի քեռայր: Յիշատակդ միշտ անթառամ պիտի մնայ: Աստուծոյ Արքայութեան արժանի ըլլաս: