image
Հրատապ լուրեր:

Պատերազմը նաեւ դասեր քաղելու առիթ է.Յակոբ Քորթմոսեան

Պատերազմը  նաեւ դասեր քաղելու առիթ է.Յակոբ Քորթմոսեան

Գրելու շատ բան կայ, սակայն ո՛չ ժամանակն է եւ ո՛չ ալ մարդուն մատները կ'ուզեն համակարգիչի ստեղնաշարին վրայ պարել…

Կարճ անդրադարձ մը կ'ուզեմ սակայն ընել Սուրբ Ղազանչեցւոց Վանքի երէկուան դէպքին հետ կապուած:

Տասնամեակներ շարունակ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձինք յաճախ մեղադրած են քրիստոնէութեան՝ ի դէմս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, որ մեր ժողովուրդին մէջ տկարութիւն, միամտութիւն, չափէն դուրս խաղաղասիրութիւն մտցուցած է, եւ բազմաթի այլ մեղադրութիւններ…

Երէկ, Սուրբ Ղազանչեցւոցը ռմբակոծուեցաւ: Երկո՛ւ անգամ: Ծրագրաւորուած կերպով: Ի պատասխան այդ ռմբակոծութեան քանի՞ մզկիթ ռմբակոծուեցաւ…

Պատերազմը նաեւ դասեր քաղելու առիթ է, եւ երբեմն նոյնիսկ պատերազմի օրերուն, ինչպիսին է այս պարագան: Մէկանգամ ընդմիշտ պէտք է հասկնանք, որ մեր խաղաղասիրութիւնն ու համերաշխ ապրելու պատրաստակամութիւնը մեր մարդկային տեսակէն կու գայ: Մեր մարդկային տեսակն է այդպիսին: Իսկ Քրիստոնէութիւնը մեր այդ մարդկային տեսակը պարզապէս բիւրեղացուցած է, աւելի զօրաւոր դարձուցած է, ալ աւելի մարդկայանացուցած է, աստուածայնացուցած է: Եւ մեր քրիստոնէական-մարդկային իւրայատուկ այդ տեսակին շնորհիւ է, որ մեր ժողովուրդը ապրած է, կը շարունակէ ապրիլ եւ պիտի շարունակէ ապրիլ հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն:

 

Եւ այսպէս՝

Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ մեր մարդկային աստուածայնացած տեսակով պիտի յաղթենք:

 

Վարանդ Քորթմոսեան