image

37 Տարի առաջ այս օրը Լիզպոնի հերոսները հողին յանձնուեցան

37 Տարի առաջ այս օրը Լիզպոնի  հերոսները  հողին  յանձնուեցան

Զարեհ Եահնիյեան

Սեպտեմբեր 20, 1983 Պուրճ-Համուտ, Պէյրութ, Լիբանան

Կղերական միջնորդի Օրհնութեամբ վերջին անգամ մատներս դպաւ քեզ բայց այս անգամ ոչ թէ կատակով ինչպէս միշտ կընէինք այլ երկու ամիս առաջ նահատակուած հոգիիդ, անշնչացած մարմնիդ, մոմով կնքուած փակ չոր դագաղիդ, 37 տարի առաջ այս օրը կղերականի օրհնութեամբ հողին յանձնեցինք քեզ սիրելի եղբայրս, քեզ եւ 4 ընկերներուդ։

Հաւանաբար մօրդ արգանդին մէջ արդէն գիտէիր որ ծնունդ կ՚առնես հողէն որպէսզի հողին վերադառնաս բայց դուն ուրիշ տեսակ հողի երթալ կ՚ուզէիր, կ՚ուզէիր հող մտնել յանուն մայր հողի եւ կատարեցիր խոստումդ, կատարեցիր երդումդ, կատարեցիր իղձդ, յանուն մայր հողի, յանուն Հայաստանի երազին, յանուն ազգային Հայաստանի, յանուն ազատ անկախ միացեալ Հայաստանի տեսլականին, յանուն միլիոնաւոր անմեղ հոգիներու, յանուն ընտանիքիդ, քեզ ծնող  մօրդ եւ հօրդ, եղբօրդ  ու քրոջդ, մտար հող 37 տարի առաջ ճիշդ այս օրը։

21 Տարի ապրեցար օտար հողի վրայ, նահատակուեցար օտար հողի վրայ, 37 տարի է կը ննջես օտար հողի մէջ, 58 տարի օտարութեան մէջ երբ կ՚երազէիր միայն եւ միայն Հայաստան, 100 տոկոսով վստահ եմ որ չէիր երազէր այսօրուայ Հայաստանի հանրապետութեան, վստահ եմ որ պիտի չուրախանայիր անգամ այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան վիճակով որտեղ ոչ ոք, կը հաւատաս՝ Սիմոն ոչ ոք տէրն է իր երդումին, տէրն է իր խոստումին, տէրն է իր խօսքին... ․

Զօրավար Անդրանիկին աճիւնները  բերին Հայաստան, զօրավար Դրոյի աճիւնները  բերին Հայաստան, Հայդուկապետ Սերոբի  կնոջ  Սօսէ   մայրիկին աճիւնները  բերին Հայաստան եւ ամէն անգամ ըսին նոյն նախադասութիւնը, ըսին թէ անոնք եկան որպէսզի հայկական  հողը աւելի եւս սրբանայ․․․

Ի սրտէ՞ ի գիտակցութենէ՞ ըսին թէ պարզապէս սիրուն հիւսուած նախադասութիւն մը արտաբերելու համար, չեմ կրնար ըսել եղբայրս․․․

Ձեր մասին դեռ եւս յիշող չկայ, այսօրուայ իշխանութեան, պետութեան, կառավարութեան, վարչապետին թէ նախագահի համար կրնայ ըլլալ որ դուք ահաբեկիչներ էք եւ ձեզ հանդէպ վարուին այնպէս ինչպէս կը վարուին հասարակ ահաբեկիչներու հետ․․․

Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան, փոխանակ նահատակութիւնը, ձեր անձնազոհութիւնը, ձեր նպատակը մտցնէր Հայոց պատմութեան դասագիրք այդտեղէն դուրս կը հանէն հասարակ ազգայնական դրուագներ․․․

Հանգչիր խաղաղութեամբ ընկերներուդ հետ միասին օտար հողի մէջ, երեւի ձեր ճակատագիրն ալ այս էր եղբայրս, ծնիլ, ապրիլ, նահատակուիլ, եւ թաղուիլ օտար հողի մէջ․․․

Բայց իմացիր որ քո փափաքները, քու երազները, ինքս նաեւ ուրիշ ընկերներ կը փորձենք մեր ուսերուն վերցնել եւ հոսանքին հակառակ լողալով գոյատեւել քո այնքան պաշտած, այնքան փառաբանած ազատ անկախ միացեալ Հայաստանի մի փոքր հատուածի մէջ ապրելով այն յոյսով որ պիտի գայ օրը եւ երազդ պիտի իրականութիւն դառնայ, դուն ընկերներուդ հետ միասին պիտի միանաք Անդրանիկին Դրոյին Սօսէին եւ միւսներուն որպէսզի վերականգնէք այն սրբութիւնները որոնք այսօր մէկ առ մէկ արմատախիլ ըլլալու եւ ի սպառ ջնջուելու վտանգի առջեւ կանգնած են․․․

37 տարի առաջ ճիշդ այս օրը․․․

 

 Նիւթը ՝ Զարեհ Եահնիյեանի  դիմատետրի էջէն (յապաւուած)