image

«Կեանքէն անժամանակօրէն մեկնեցաւ մեր շատ սիրելի Սոնիկը»

«Կեանքէն անժամանակօրէն մեկնեցաւ մեր շատ սիրելի Սոնիկը»

 

Մեր Անդառնալի Կորուստը


Կեանքէն անժամանակօրէն մեկնեցաւ մեր շատ սիրելի Սոնիկը՝ Սոնա Չիլինկիրեան Պաղսարեանը, որուն կեանքին բոլոր հանգրուաններուն մօտէն հետեւած եմ որպէս մօրաքոյր:
Ծնած եւ մեծցած ըլլալով Արամ եւ Սիրուհի Չիլինկիրեաններու աւանդապահ, ազգանուէր եւ կրօնաշունչ ընտանեկան յարկին տակ, ան պատրաստուեցաւ որպէս շնորհալի եւ առաքինի հայուհի: Երկրորդական ուսման կողքին, մանկավարժական իր կազմաւորումը ունեցաւ եւ ծառայեց Վահան Թէքէեան վարժարանի մանկապարտէզէն ներս չորս տարիներ 1969-1973, տնօրէն՝ Երուանդ Պապայեանի պաշտօնավարութեան շրջանին: Ամուսնութեամբ նախկին երուսաղէմահայ՝ Խաչիկ Պաղսարեանի հետ փոխադրուեցաւ Սիտնի- Աւստրալիա, 1973-ին: Օտարութեան պատճառած հոգեկան տուայտանքները արիութեամբ դիմագրաւեց ան եւ դրամատնային մարզէն ներս իր ունեցած պատուաբեր պաշտօնով ամուսնի հետ միասնաբար ստեղծեցին բարօր կեանք մը: Հասակ առին իրենց զաւակները Րոպէրթն ու Քրիստինը, որոնք երկրի ընձեռած ուսումնական կարելիութիւններէն օգտուելով ձեռք ձգեցին մասնագիտական հմտութիւն:

Վերահասու ըլլալով իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ ծագած քաղաքացիական պատերազմին, Սոնիկ տենդագին աշխատանք տարաւ իր ընտանիքը Սիտնի տեղափոխելու անյապաղ: 1977-ին արդէն անոնք հասան Սիտնի ծնողքն ու երկու եղբայրները Րաֆֆին եւ Վաչէն: Նոր երկրին մէջ բարգաւաճեցաւ իր ընտանիքը միշտ վայելելով Սոնիկի ամբողջական նեցուկն ու գործակցութիւնը: Ան բացառիկ հոգածութիւն ցուցաբերեց իր՝ թէ հօր եւ թէ մօր նկատմամբ, հոգալով անոնց բոլոր պէտքերը: Յատկապէս անոնց հանգտեան կոչուելէն ետք, հետապնդեց ծագած բժշկական բազմաթիւ հարցերը, կատարեալ խնամք եւ բծախնդիր հետեւողականութիւն ցուցաբերելով անոնց նկատմամբ մինչեւ անոնց վերջին շունչը 2012ին եւ 2019ին:

​Սոնիկ, Սիտնի իր կեցութեան տարիներուն ասպարէզին ծառայելէ եւ ընտանեկան պարտականութիւնները կատարելէ բացի, նուիրուած էր բարեսիրական գործի ու Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի աշխատանքներուն երկար տարիներ: Միեւնոյն ատեն, ան կը հասնէր միայնակ ծերերու, հիւանդներու օգնութեան, անոնց հասցնելով ընկերային ու բժշկական օգնութիւն:

​Հանգստեան կոչուելէ ետք, Սոնիկ նուիրուեցաւ թոռնիկներու հոգատարութեան եւ անոնց հետ կ'անցնէր իր ժամանակի մեծ մասը: Ընտանեկան օճախը վառ պահելու նախանձախնդրութեամբ, ան կը մէկտեղէր իր ծնողքը, եղբօր ընտանիքը, զաւակներն ու թոռները իր յարկին տակ ու զանոնք կը մղէր պահելու հայկական ոգին, աւանդութիւնները եւ հայրենախօսութիւնը: Ահա նման ընտանեկան տօնախմբութիւն մը կազմակերպած էր ան Սեպտեմբեր 6ին՝ հայրերու օրուան, իր ծննդեան եւ ամուսնութեան տարեդարձներու երեակ առիթներով: Շաբաթ օրը, այդ պատրաստութեան նուիրած էր իր ամբողջ ժամանակը եւ ամէն ինչ վերջացնելէ ետք ալ, ան հոգին աւանդեց իր տան մէջ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքի անդամներն ու բարեկամական ու ազգականական լայն շրջանակը:

Սոնիկի նկարագրին ցայտուն յատկանիշը կը կազմէր իր ծառայութեան ոգին: Ան կը հասնէր բոլոր անոնց որոնք իր օգնութեան կարիքը ունէին: Սիրով լեցուն իր սիրտը կը բաբախէր հարազատներու եւ բարեկամներու սիրով, ուր որ ալ գտնուէին անոնք: Իր զարմիկներուն ու զարմուհիներուն սիրելին էր ան, որոնց հետ մնայուն կապի մէջ էր: 2019ին ան իր վերջին այցելութիւնը տուաւ Լիբանանի իր հարազատներուն, մասնակցելով Սիրայի ամուսնութեան տօնախմբութիւններուն: Անմոռանալի կը մնան իր հետ մեր անցուցած ուրախ պահերը, իր Լիբանան կեցութեան շաբաթներուն: Ան մօտէն ծանօթացաւ մեր ընտանիքներուն միացած հարսերուն եւ թոռնիկներուն: Իր քաղցր ու հեզահամբոյր բնաւորութեամբ, անկեղծ սիրով, ընկերային մօտիկ շփումներով գրաւեց բոլորին սրտերը: Մեկնումէն ետք ալ մնայուն կապի մէջ մնաց բոլորիս հետ մինչեւ իր վերջին շունչը:

​Թանկագին գանձ մը կորսնցուցած ըլլալու ցաւը կը զգան այսօր Լիբանանի թէ այլ արտասահմանեան երկիրներուն մէջ ապրող Սոնիկի հարազատները: Ցաւը խորունկ է նաեւ իր ամուսնին՝ Խաչիկին, զաւակներուն՝ Րօպէրթին եւ Քրիստինին, եղբօր Վաչէին եւ ընտանիքին համար: Հրեշտակի բարութեամբ յատկանշուող Սոնիկի կեանքը ափսոս որ իր աւարտին հասաւ այսքան կանուխ:

Ան մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլայ զինք սիրող հարազատներու ու բարեկամներու կեանքին մէջ:

Թող Սոնիկը հանգչի երկնային լոյսերուն մէջ որ Աստուած վերապահած է իրեն համար որպէս սրբակրօն կեանքով ապրող հաւատացեալ կին:

Քեզ անչափօրէն սիրող մօրաքոյրդ՝

Ազատուհի Սիմոնեան

10 Սեպտեմբեր 2020

 Սոնա Չիլինկիրեան Պաղսարեան եւ Ազատուհի Սիմոնեան