image

Մնաս բարով, հօրքուր

Մնաս բարով, հօրքուր

Երան Զէյթունցեան


Հակառակ տարիքիդ, բայց միշտ երիտասարդ հոգիով եւ հաճելի զրուցակից էիր...

Երբեք պիտի չմոռնամ Պէյրութի տանդ վերանտան եւ այնքան խնամքով պահած ծաղիկներդ։ Ամէնէն մեծ հաճոյքներէն մէկն էր առտուն հոն նստիլ, սուրճ խմել եւ լսել փոստան փաշայի եւ Զէյթունցեան գերդաստանի հին պատմութիւններդ...

Հիմա գացիր միանալու հօրս...

Հողը թեթեւ գայ...

 

Հ.Գ-Յիշեցնենք, որ օրերս Երեւանի  մէջ իր մահկանացուն  կնքած է   Արմենուհի  Էօրտէքեանը (Ծնեալ ՝ Զէյթունցեան   1931-ին  Հալէպ)։ Հանգուցեալ  Արմենուհի մայրիկը     մայր է   ՀԲԸՄ-ի   կառոյցի     պատասխանատուներէն   «Արեւելք»ի բարեկամ՝  Յովիկ Էօրտէքեանին։

Ցաւակցութիւններ։