image
Հրատապ լուրեր:

Ընկերուհի Արփիին օրինակով ... (Տեսանիւթ)

Ընկերուհի  Արփիին   օրինակով ... (Տեսանիւթ)

 Սագօ  Արեան 

 

Պէյրութը ցնցած մեծ պայթումի ժամանակ ընկերուհի Արփին (ու մեծաթիւ ընկերներ եւ ընկերուհիներ) անգամ մը եւս ցոյց տուին, թէ պատրաստ են ամէն ինչ ընել՝ հասնելու համար աղիտեալ մեր ժողովուրդին։

«Մեր արաբ կամաւորները նոյնիսկ սկսան ինծի հարցնել, թէ Մատամ Արփի, ի՞նչ ընենք, ո՞ւր երթանք եւ ինչպէ՞ս օգնենք...»

Այս խօսքերը Արփի Մինասեանին կը պատկանին, որ շաբաթներ առաջ, ինչպէս հարիւրաւոր պէյրութցիներ անցան մեծ ցնցումէ:  Խօսքը մասնաւորապէս Մար Մըխայէլ շրջանին մեր հայրենակիցներուն մասին է, որոնցմէ մէկն է Արփի Մինասեանը։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ալ վստահ եմ, որ ընկերուհի Արփին եղաւ անոնցմէ, որոնք ամէն ինչ ըրին՝ հասնելու շրջանի պահակ տղոց կարիքներուն։ Ու երեւի այդ պատերազմի օրերուն ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ՈՒ ՏԻՐԱԿԱՆ դարձած դպրոցի արդիւնքով էր, որ ընկերուհի Արփիներ հրապարակ ելան։

Յանուն ճշմարտութեան պէտք է արձանագրել, որ ընկերուհի Արփին միշտ ալ եղած է գործին հաւատացող գաղափարի մարտիկ։

Պատերազմի օրերուն հայկական թաղամասերը պահող տղոց թեւ թիկունք ու աւելի ուշ ալ Պէյրութի խաղաղ օրերուն ալ ան եղաւ անոնցմէ, որոնք անցան սերունդներ կերտելու վեհ առաքելութեան։

Լիբանանի մէջ խրամատը- խրամատի ետեւէն կը հասնի, ու անհանգիստ ու հազար տագնապներու մէջէն վեր սլացող Պէյրութը նոր անուններ կը կերտէ։

Մեր սերունդը եղաւ բախտաւոր սերունդ, որովհետեւ մենք կարողացանք ապրիլ ու շնչել այն խոնարհ հերոսներու շուքին, որոնք հաւատացին մէկ հանգանակի. Հանգանակ, որ կ՚ըսէր ՝ «Մեծ ու փոքր գործեր չկան մեզի համար, այլ կայ գործ...»:  Ու ամենայատկանշականը այն էր, որ այդ գործին համար զինուորեալ մեր աւագները յաճախ չունեցան անձնական կեանք։

Զոհեցին իրենց օրը, զոհեցին իրենց ես-ը եւ զոհեցին յաճախ ալ իրենց կեանքը։

Արփի Մինասեանը անոնցմէ է, որ անցնող օրերուն, դարձեալ, երբ ահազանգը հնչեց, «Ներկայ եմ», ըսաւ ու ամէն ինչ մէկդի նետելով (վախ, սարսափ, անորոշութեան զգացում եւ վտանգ)՝  հասաւ իր հարեւաններու օգնութեան։

Այնքան պողպատեայ է անոր կերպարը, որ Մար Մըխայէլ շրջանին օգնութեան փութացող տեղացի կամաւորներն անգամ հարցուցին ՝ «Տիկին Արփի, ըսէք մեզի, ո՞ւր երթանք եւ ինչպէ՞ս օգնենք ....»

Մար Մըխայէլը, ինչպէս ամբողջ վիրաւոր Պէյրութը նորէն ալ ոտքի պիտի կանգնի, նորէն ալ շունչ պիտի քաշէ, քանի Արփիին նման նուիրեալներ կան դեռ, քանի քաջ ու խոնարհ հերոսներ կան դեռ: Մի մտահոգուիք, եթէ կրնանք բանով մը օգնել, օգնենք, ու ամէնա ճիշդն այն է, որ Արփի եւ Արփիներ տուած հայագաղութին աւելորդ խրատներ չտանք...

 

(Տեսանիւթին մէջ Պէյրութահայ «ռաբըր» Ալպէրովիչը այցի գացած է ընկերուհի Արփի Մինասեանին. Իսկ մեր ընկերուհին կը պատմէ իրենց թաղամասի ընդհանուր վիճակին մասին ու մասնաւորապէս կը խօսի պայթումին հետեւանքով այդ թաղամասին մէջ զոհուած Ժագ Պարամաքեանի մասին, որպէս հարեւան, որպէս սրտցաւ հայուհի եւ որպէս երկրորդ մայր ...):

Նշեմ, որ Արփին Մինասեանին առաջին անգամ ճանչցած է ՀՅԴ Պատանեկանի տարիներուս եւ աւելի ուշ որպէս դասախօս` Համազգային Հայագիտական Հիմնարկէն ներս։)