image
Հրատապ լուրեր:

Աթաթուրքի նկարով պայուսակներ՝ Հայաստանի շուկային մէջ

Աթաթուրքի նկարով պայուսակներ՝ Հայաստանի շուկային մէջ

Մարի Պաղտոյեան-Քարճեանը կը գրէ. 

Այսօր պատահմամբ հանրախանութ  մտած էի ու այս պայուսակը տեսայ։ Պահ մը ըսի «Քեզի ի՞նչ Մարի», բայց յետոյ չդիմացայ, վերցուցի տեղէն ու գացի պատասխանատուին մօտ.

«Այս պայուսակին վրայ որո՞ւն անունը եւ նկարն է»,-հարցուցի: 

Իրար նայեցան պահ մը Atatürk բառը կարդալէ ետք, անդրադարձան, բայց ըսին՝ չենք գիտեր: 

Բացատրելէս  ետք, ըսին.  «Է, հա եանիմ ի՞նչ, մենք աշխատող ենք ի՞նչ ընենք»: 

Արդէն ամէն բան այս երկրին մէջ «մեզի ի՞նչ, մենք ի՞նչ կրնանք ընել» մտածումի պատճառով կու գայ, ըսի,  ու պայուսակը ձեռքը տալով խնդրեցի գոնէ խանութին մէջ չցուցադրեն առ ի յարգանք մեր զինուորներուն ու հեռացայ։

Իսկ աւելի վատը՝ դիտմամբ ետ գացի նայելու եւ տեսայ դարձեալ տեղը դրած էին՝ վաճառքի: 

Ամէն բան կը հասկնամ,  երկրին մէջ ամէն արտադրանք չկայ, հնարաւոր է՝ ստիպուած են Թուրքիայէն ներմուծել, բայց բերել եւ Աթաթուրքի նկարով, անունով պայուսակը վաճառե՞լ Հայաստանի մէջ...

Այդ որ կ'ըսէք «Հայը թասիպով ա»,  շատ կը ներէք, բայց սա արդէն «անթասիպութիւն» է։
Գիտեմ այդ շուն թուրքը ուղարկած կ'ըլլայ, բայց մենք այդքան արժանապատուութիւն չունի՞նք որ չցուցադրենք ու վաճառքի չհանենք մեր հայրենիքին մէջ: 

Եթէ իմ մտածումը չափազանցութիւն է,  ներող եղէք։