image

Տուն, որ յատուկ տեղ ունի յիշողութեանս մէջ....

Տուն, որ  յատուկ   տեղ ունի յիշողութեանս  մէջ....

  Սագօ Գասապեան

Պատանեկութեան անվերադարձ քաղձր յուշեր՝ ամէն տեսակ չարաճճիութիւն, խաղ, հեծանիւ, որս...

ընտանեկան ուրախ օրեր՝ միշտ միասին շուրջօրեայ դրութեամբ, լոլիկի ջուր, պիպէրի ջուր, խորոված...

հողին եւ բնութեան հետ ուղղակի կապ՝ ցանել, ջրել, քաղել, հսկայ թզենիին վրայ ժամեր անցընել, հաւ, նապաստակ եւ շուն պահել...

ջերմասիրտ դրացիներ՝ աջին «Մէյճր»ը, ձախին Մարտիրեան տատիկները, դիմացը կաթողիկէ դպրոցին դաշտը, ուր ԼԵՄի եւ Պատանեկան Միութեանց բանակումի ժամանակ յեղափոխական երգը չէր դադրեր...

 

Այս բոլորը պատերազմի օրերուն՝ համեմատաբար խաղաղ 1986-էն մինչեւ 1991-ի դաժան օրերը, մենք ընտանեօք այս տանն էինք, որ յատուկ տեղ ունի յիշողութեանս մէջ։ Ամէն անգամ երբ Այնճար այցելեմ, անպայման մեր նախկին տան առջեւէն կ՚անցնիմ։

Այսօր ալ նոյնն էր վիճակը։

Ուրիշ է Այնճարը՝ կլիման, մթնոլորտը եւ բնակիչները, լաւագոյն ամառանոցը՝ բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն «ներքին թուրիզմ»ը, տաք եւ պաղ ջուրը...։