image

Ապաքինումի մաղթանք

Ապաքինումի  մաղթանք

Պէյրութ լոյս տեսնող    «Զարթօնք»  օրաթերթէն կը կարդանք ՝

Անուշ Թրուանցի «Կորոնավիրուսը մեզ էլ այցելեց» գրութենէն իմացանք, որ մեր պաշտօնակիցն ու իր կողակիցը՝ Սագօ Արեան (դարձեալ պաշտօնակից) իրենց զաւակներով մէկտեղ վարակուած են COVID-19 չարագուշակ ժահրով:

 

Սագոյի հետ մեր երէկուայ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ուրախութեամբ իմացանք, որ զոյգին զաւակները արդէն իսկ շրջանցած են վարակի վտանգը մինչ Արեան-Թրուանց զոյգը տակաւին կը դիմակալեն անոր ծանր ախտանիշները:

 

Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք մեր զոյգ պաշտօնակիցներուն եւ այս առիթով ապահովութիւն եւ առողջութիւն կը մաղթենք աշխարհացրիւ մեր բոլոր պաշտօնակիցներուն: