image
Հրատապ լուրեր:

Ապրիլ 23

Ապրիլ 23

Անոնց՝ որոնք ապրեցուցին մեզ Ապրիլեան խորհուրդը անժամանց ոգեղէնութեամբ:
Երիտասարդութեան՝ մեր նոր, յաւերժի կամուրջը կառուցողներուն:

 

 

Նորա Թիւրպետնեան-Գաբոյեան

 

 

Գիշերուայ անաստղ երկինքէն իջած,
ամնարդ ու անձայն այս հողէն ելած,
լոյսէ կամուրջ մը կ՝երկարի յանկարծ,
արծաթեայ հրաշք տեսիլքի նման:

Ուր որ է ահա Աստուածն իմ պաշտած,
Պիտի իջնէ վար, սուրբերովս իր շատ,
հաշուեյարդարի պահըն սպասուած,
երկնակամարիս պիտ ցօղէ արդար:

Ու ես այլայլող, շրթերով ցամաք,
կ՝աղօթեմ մնջիկ «Հայր Մեր»ս հինցած,
բայց աղօթքս այս կարկամ, կիսաւարտ..
կ՝իյնայ գիրկը խոր, հէգ մոռացութեանս:

Ոչ ոք կը քալէ երկինքէն ամուլ,
դէպ կամուրջը լոյս, դէպ հողս ծարաւ,
այնտեղ լռութեան խոր, անծայրածիր,
Համանուագն է համր, զանց նուագարան:

Յանկարծ ազազուն մոմովս պսպղուն,
կը տեսնեմ քալող հոգիներ լուսող,
բիւր, հազար, միլիոն, հիւլէներ վառուող,
լոյսի կամուրջէն կ՝ելլեն շքերթով:

Դեռ կանգնած եմ ես կամուրջին ընդդէմ,
կը դիտեմ երթն Հայ, պատշգամէս բաց,
ձեռքիս դողահար մոմովն այս բարակ,
կը քերթեմ ճամբան՝ լոյս յաւերժութեան: