image
Հրատապ լուրեր:

Տէւէճեան պատնէշի վրայ էր, նաեւ Հրայր Գլընճեանի դատավարութեան ժամանակ

Տէւէճեան  պատնէշի վրայ էր, նաեւ  Հրայր Գլընճեանի դատավարութեան ժամանակ

Վարդան Գաբրիէլեան

 

 

    Ցաւալի լուրը ստացանք. Փաթրիք Տէւէճեանը զոհ գնաց պսակաւոր ժահրին։
Ֆէյսպուքի վրայ բազմաթիւ գրառումներ եկան հաստատելու այն յարգանքը, որ կը վայերէր ան։
Ու վայրկեաններու ընթացքին ցաւս խորացաւ հասկնալով որ ազգի լաւագոյն զաւակներէն մէկն է, որ կեանքէն հեռացաւ։ Ու ան դեռ շատ բան ունէր տալու ընդհանուր հաւաքականութեան, իր փորձով շատ բան ունէր բաժնեկցելու ֆրանսահայութեան հետ ու շատ բան ունէր բերելու Հայաստանին, ինչպէս ըրած էր Տաւուշի գիւղատնտեսական զարգացման ծրագրերու պարագային, տարիներու ընթացքին։
Գիտակցականէն անդին հայու ենթագիտակցութիւնն է նաեւ, որ այս պահուս կը չարչրկէ մեզ․ այն, որ մենք մեր մօտիկ կամ հեռաւոր հարազատն է որ կորսնցուցինք։      Մե՛րը կորսնցուցինք։

   Կորսնցուցինք մարդ մը, որ ապրեցաւ իր ժողովուրդի ողբով, բայց եւ միաժամանակ իր փաստաբանական տաղանդով ու քաղաքական վաստակով ողբը վերածեց պայքարի՝ յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան։
Այդպէս էր 80-ականներուն Արդարութեան Մարտիկներէն Հրայր Մաքս Գլընճեանի դատավարութեան ժամանակ, որ վերածուեցաւ նոր Թեհլիրեանական դատավարութեան, ուր Հայկական Ցեղասպանութիւնը բարձրաձայն քննարկուեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի, երբ հայ ազատամարտիկներ պէտք էր իրենց երիտասարդութիւնը զոհաբերէին քանդելու  լռութեան պատը․ դատավարութիւն, ուր ի վերջոյ մեղադրեալը, արդարացուած, ազատ դուրս եկաւ երկու տարուան բանտարկութենէն։ Ու սա Փաթրիք Տէւէճեանի նման միակ դատավարութիւնը չէր։
Փաթրիք Տէւէճեանի անձնական ներդրումը Ֆրանսայի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու անոր ժխտման քրէականացման ջանքերուն մէջ անգնահատելի են։
Փաթրիք Տէւէճեանը, ամէնակարեւորը, զուտ ֆրանսական միջավայրի մէջ ու իր պետական գործունէութեան ժամանակ նոյնիսկ, ֆրանսահայ իր սերունդին մօտ այնքան տարածուած բարդոյթը ուսերէն թօթափած, առանց հակասելու իր քաղաքական եւ քաղաքացիական պարտականութիւններուն, եղաւ հայ, մնաց հայ՝ հաւատարիմ իր ազգային ժառանգութեան ու անկէ թելադրուած պարտականութեան գիտակցութեան։
Յարգանք իր յիշատակին։