image
Հրատապ լուրեր:

Ան ընկեր էր, եղբայր էր բոլորին, միայն բժիշկ չէր. Պէյրութի մէջ հողին յանձնուեցաւ Տօքթ. Կարօ Մահսէրէճեանը

Ան  ընկեր էր, եղբայր էր  բոլորին, միայն բժիշկ չէր. Պէյրութի մէջ հողին  յանձնուեցաւ  Տօքթ. Կարօ  Մահսէրէճեանը

Բօթը  կու գար  Պէյրութէն։

Բժ.   Կարօ   Մահսէրէճեանը     յաւերժին  համար կը փակէր իր աչքերը եւ կը հեռանար իր  մեծ ու փոքր  ընտանիքներէն։

 Պէյրութը,   ի դէպ,  հայ        բարձրորակ եւ ճարտար    բժիշկներու բոյն էր։  Պէյրութի  բոլոր   մեծամեծներու   ընտանիքները,   քաղաքական ընտրանիի    անդամներն ու վերնախաւը    միշտ ալ    նախընտրած էին իրենց առողջութիւնը, կամ  զաւակներուն ու մերձաւորներուն  առողջութիւնը վստահիլ  լիբանանահայ   բժիշկներուն։

Իսկ  այդ   բժիշկներուն կարեւոր  մէկ մասը  իր ուսումը  ստացած էր  Խորհրդային Հայաստանի    ԲՈՒՀ-երուն  մէջ։

Չեմ գիտեր,  թէ  այդ օրերուն  քանի   բժշկական     հիմնարկ   կը գործէր Երեւանի մէջ,  սակայն կը կարծեմ, թէ բժ.  Կարօն ալ  Երեւանի  մայր  ԲՈՒՀ-էն   շրջանաւարտ   եղած   էր ու  վերադարձած  Պէյրութ։

 

Անոր  մասին  առաջին անգամ լսեցի  մօրաքրոջս   բերնէն։

 –Լաւ  բժիշկ է, լաւ մարդ մըն է, ամէն ինչի  մէջ կարող  է եւ ամէն    ցաւի  դարման  ունի,– կ՚ըսէր մօրաքս,  որ     կերպով մըն ալ  մեր  ընտանիքի   առողջապահական  «վերակացու»-ն էր։

Գիտէր,  թէ  ո՛ր պարագային ո՛ւր պէտք է դիմել,   ո՛ր բժիշկին երթալ  եւ    մանաւանդ ո՛ր   հիւանդանոցը  կամ  դարմանատունը  յաճախել  լիարժէք    ու նաեւ  մատչելի  բուժում ստանալու  համար։

Բժ.  Կարոյին   պարագան  քիչ մը կը տարբերէր մօրաքրոջս    կազմած  ցուցակին  մէջ,  եւ ան կը հանդիսանար  այդ  ցուցակի անմրցելի  առաջատարը։

Ու այդպէս,    առիթով մը,   ուսերու  ծանր  ցաւեր կ՚ունենայի ու   այցելութեան կ՚երթայի  բժիշկին:

Կը ծանօթանայինք,  արագ մը Հայաստանի մասին   նիւթ կը բացուէր,  ու   ինք     պէտք  եղած    բոլոր  քայլերը   կ՚առնէր      զիս բուժելու համար։

Կը  նկատէի, որ ամէն անգամ, որ Հայաստանի նիւթը   բացուէր, անոր աչքերը կը փայլէին, եռանդ մը կու գար   ու աւարտին ալ  ամուր մը ձեռքս սեղմելէ ետք  (պինդ  ձեռք ունէր,  հիմա   այս պահուն, երբ   իր յիշատակը կ՚ոգեկոչեմ,  կը յիշեմ    անոր թաթի ուժգնութիւնը), երեւի  բոլոր  լաւ բժիշկները   ցաւցնող- բուժող  թաթ մը  պէտք է ունենան։

Ամէն  պարագայի  ձեռնուելէն  ետք   դեղագիր մը  կու տար,   ականջիս  բաներ մը կը փսփսար, ամէն գնով   մերժելով  դրամ  տալու   տեղին առաջարկս։

Շատ կը խնդրէի,  սակայն  ի զուր։   Բժիշկը  կը մնար անդրդուելի  ու զիս   ալ ճամբու կը դնէր:

Տարիներ անց   կ՚իմանայի, որ  բժիշկը  անհանգիստ է։   Պէյրութի  «Արարատ»  օրաթերթը  պատեհութիւնը   կը գտնէր  պատուելու զինք,   ու տեղի կ՚ունենար   պատշաճ    միջոցառում մը, ձեւով  մը   շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելու երկար տարիներ    պէյրութահայութեան   համար     նուիրումով ծառայած եւ   հարիւրաւոր մարդիկ  բժշկած    հայ եւ   տեղացի հիւանդներու։

Լաւ  ըրած էին, մտածած էին այդ մասին,  մէկու մը մասին, որուն ծառայութիւնը եւ բարի անունը  չէր  մնացած  միայն  Հաճըն  թաղամասի եւ     շրջակայից թաղերու   մարդոց սրտերուն մէջ,  այլ կտրած էր  բոլոր  սահմանները,  յայտնի եւ անյայտ  կարմիր  գիծերը եւ թափանցած էր ամէն տեղ։

Ի դէպ,    մեզի՝   պուրճհամուտցիներուս համար  ալ  քիչ մը  «մարսելի»   երեւոյթ չէր, որ «կամուրջը կտրէինք»   ու   երթայինք  կամուրջէն անդին  բուժում ստանալու:

Պէյրութ  ծնածները,   Պէյրութը ներսէն  իմացողները  շատ լաւ պիտի հասկնան իմ ակնարկներս, որ այսօր    բարեբախտաբար   գոյութիւն  չունին,  եւ     Պէյրութի  հայկական  համայնքը բոլոր  առումներով ալ կ՚ապրի ու կը վարէ   համերաշխ ու  միասնութեամբ համեմուած  կեանք մը,  հակառակ  անոր,  հայկական    համեմատաբար   առողջ  վիճակէն անդին, Լիբանանի  մէջ     ամէն  ինչ  ենթակայ  է     փլուզման,  անկումի  եւ     երկիրն ամբողջութեամբ  մատնուած է տնտեսական-ընկերային,  սակայն ինչ-որ տեղ  նաեւ   քաղաքական  մեծ  տագնապի մը։

Շատ   պատումներ չեմ  լսած   բժ.  Կարոյին մասին, սակայն  բոլոր անոնք, որ   ճանչցած են զինք, տակաւին  այն   օրերէն, լաւապէս   կը   գիտակցին, որ   ոչ միայն  լաւ բժիշկ  մըն էր, որ մեզմէ հեռացաւ, այլ  նաեւ ազնուագոյն, ազգասէր եւ նուիրեալ   հայ մը։

Տակաւին  օրեր առաջ, երբ  անոր  մահուան  բօթը  Երեւան կը հասնէր, իր   ծանօթներէն մին էր, որ կը պատմէր, թէ   բժ. Կարօն ի՛նչ նուիրուածութեամբ  եւ ի՛նչ մեծ ոգիով,  ծով համբերութեամբ  ու գորովագութ     եւ ամուր ձեռքերով  կը բուժէր  Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմի     տարբեր   փուլերուն ընթացքին վիրաւոր հայորդիներն ու  արաբ  հարեւանները։

Պատերազմ էր  Պէյրութի մէջ,  պատերազմ   էր ու տարաժամ, իսկ բժիշկը, որ  որպէս շրջանաւարտ     Երեւանէն   Պէյրութ նոր կը հասնէր,  կ՚անցնէր գործի ...։

Կարծես   նախատեսուած էր, ի վերուստ ալ ընդգծուած էր, որ   իր  նման  բժիշկները  հասնէին մեր ժողովուրդի  մեծ   կարիքներուն։

Մէկդի դնելով ամէն տեսակի խտրութիւն, մէկդի դնելով ամէն  տեսակի    գաղափար ու նախասիրութիւն,  ան իր  սպիտակ  ձեռնոցներով   կը բուժէր,  կը բժշկէր   մեր համայնքի անդամներէն  շատ  շատեր։

Բարի  ճանապարհ,   բժի՛շկ,  քու   յիշատակդ մեր հոգիներուն մէջ է։

                                                                                                           Սագօ  Արեան