image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն համար նոր սկի՞զբ

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն համար  նոր սկի՞զբ

 

 Սագօ Արեան 

Սա կարծես ինչ որ նոր սկիզբ է Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ. Մոսկուայի կողմէ եղած յայտարարութիւններէն ետք Սուրիոյ հանրապետութեան կողմէ լոյս տեսած հաղորդագրութիւն մը թրքական կողմին կը յիշեցնէ, որ «Թուրքիան Սուրիոյ մէջ զաւթող կողմ է եւ առաջիկային ըլլալիք բոլոր ծանր զարգացումներուն համար ԳԼԽԱՒՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ ԱՆԳԱՐԱՆ պիտի ըլլայ»։ Սա պարզապէս ինծի մտածել կու տայ, որ արդէն իսկ «կանաչ լոյս» մը կայ, որ Էրտողան կամովին մասնաւորապէս ԻՏԼԻՊ-ի մօտակայքէն դուրս քաշէ իր զօրքերը, կամ ալ քիթ-բերան արիւնուելով, ծեծ ուտելով հեռանայ։ Տակաւին չեմ խօսիր, միւս առնուազն ՀԻՆԳ կարեւոր շրջաններուն մասին, ուր թրքական դրօշակ կը ծածանի ... Հոն եւս անկանխատեսելի իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ, եթէ հաշուի առնենք Մոսկուայի խստաոճ յայտարարութիւնը, որ բացէ ի բաց կ՚ըսէր ... «Անգարա դուն Իտլիպի վերաբերեալ քու տուած խոստումներե չկատարեցիր, թէ հիմա պոյդ տեսնեմ...» (Մօտաւորապէս այսպիսի յայտարարութիւն էր)։ Ամէն պարագայի, ինչպէս անցնող երկու-երեք օրերը, գալիք օրերուն ալ ըստ երեւոյթին կարեւոր զարգացումներու ականատեսը պիտի դառնանք ու նաեւ ստիպուած պիտի ըլլամ, մի քանի բարի լոյս տալու...