image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ ոսկորին ծուծը ան հաւատարիմ մնաց իր գաղափարին

Մինչեւ  ոսկորին  ծուծը ան  հաւատարիմ մնաց իր գաղափարին

 Սագօ  Արեան կը գրէ.

 

Պէյրութէն կը հասնէր բօթը. Գրիգոր Աբրահամեանը՝  բոլորիս կողմէ սիրուած եւ յարգուած ընկ. Գօգօն ալ չկար... Լսած էի  իր հիւանդ ըլլալուն մասին, սակայն մտքիս ծայրէն անգամ չէր անցած, որ այս անգամ ուրիշ պիտի ըլլար ամէն ինչ։ Երիտասարդականի տարիներուս, ամէնատաք վէճերու, տարակարծութիւններու գուպարին մէջ ընկ. Գօգօն իմ սերունդի տղոցմէ շատերուն համար ոչ միայն աւագ ընկեր էր, այլեւ՝ մեծ եղբայր։ Մեծ եղբայր, երկաթեայ վահանի մը պէս, որ պիտի պաշտպանէր մեզ «օրթոտոքս» ներկայացող եւ ուղղափառ դասեր տուողներու սուիններէն։ Ու բոլորս գիտենք, որ ներսէն եկած սուինները միշտ ալ աւելի վտանգաւոր են ու զգետնող. սակայն այդ բոլորին դիմաց ան կարծէք դարձաւ ապահով ափ մը, որուն փորձառութեան եւ ապրած դառն ճշմարտութիւններուն դիմաց մենք մեզ զգացինք ապահով ու պաշտպանուած ...
Ու արդէն մեծութիւնն ալ հոն էր։ Մարդ կրնայ շատ մեծ ու բարձր պաշտօններու հասնիլ, սակայն չի կրնար հօր մը դերը կատարել։ Ընկ. Գօգօն «պապա» էր, հայր բառին ամբողջական իմաստով, մէկը որ լայն սիրտ ունէր եւ խորունկ ականջ՝ լսելու համար մեր մեծ ու փոքր մեղքերուն խոստովանութիւնը եւ այս բոլորէն անդին մեր կապն աւելի շէնշող դարձած էր, որովհետեւ ան կու գար հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանի բնօրրան, Մեծն Ուրֆայի մօտ եղող փոքրիկ Պէրէճիկէն։ Աւելի վերջ անոնց պատութիւնը կը հանդիպէր Եփրատի եզերքին գտնուող մերիններուն համար կարեւոր ոստան դարձած Ճարապլուսին մէջ, ուր նախնիները հազիւ շունչ մը առած, իրենց վերջին կայքը կը դարձնէին Պէյրութը։
Գրելու շատ բան կայ ընկ. Գօգոյին մասին, ու վստահ ալ եմ, որ ապագային օր մը պիտի կարողանամ ընել այդ գործը ..
Հիմա վէրքը տաք է, ու այս պատումին ամէնէն ուշագրաւ երանգներէն ալ այն է, որ Աբրահամեաններու «ակումբ» դարձած հաստատութիւնը մեր սերունդի անդամներէն շատ-շատերուն համար տեսակ մը ուխտավայր էր։
Հոն կ՚ըլլային շրջանի պատասխանատու ընկերները, որոնց թագն ու պսակը ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ Ներկայացուցիչ՝ ընկ. Երուանդ Մոնոֆարեանն էր. մարդ, որ մեզի եւ շատերուն համար համակ քաղաքական դպրոցի մը ուսուցչապետն էր ու մարդ, որ լիբանանեան պատերազմի ամէնէն թէժ տարիներուն կարողացաւ իմ սիրելի հայագաղութը զերծ պահել մեծ ցնցումներէ։
Փաստ է, որ երէկուան ընկերները կը մեկնին՝ իրենց հետ տանելով մաս մը մեր անցեալէն, պատերազմի եւ խաղաղութեան երգերու օրագրութենէն եւ սակայն նոր հուն եւ երազ տալով ապագայի մեր գործերուն։
Ընկ. Գօգօն մինչեւ ոսկորին ծուծը հաւատարիմ մնաց իր գաղափարին. ինչքա՜ն վեհ է գաղափարը այսպիսի մարդոց սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։