image

Եկէք հայհոյելէ առաջ երկու անգամ կարդանք Սահակ Բ. Պատրիարքի խօսքը. Յ.Կարապետեան

Եկէք հայհոյելէ առաջ երկու անգամ կարդանք Սահակ Բ. Պատրիարքի խօսքը. Յ.Կարապետեան

Երեւանի քաղաքապետի մամլոյ խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը ֆէյսպուքեան իր էջին անդրադարձած է Սահակ եպս. Մաշալեանի՝ «Սապահ»-ին տուած հարցազրոյցին։

«Եկէք հայհոյելէ առաջ երկու անգամ մը ուշադիր կարդանք, թէ ինչ ըսած է Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանը (ընդգծումները իմս են).

«Որպէս հայ՝ մենք վշտացած ենք, որ այն տառապանքը, որ տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ 100 տարի առաջ, Կ'ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԻ օտար երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ որպէս ռազմավարական, տնտեսական, քաղաքական ճնշման գործիք: …

Մաշալեանը յոյս յայտնած է, որ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՆՔԸ ԿԸ ԿԱՐՈՂԱՆԱՅ ԼՈՒԾԵԼ ԱՅՍ ՀԱՐՑԸ, եւ Թուրքիան ու Հայաստանը կը կարողանան բարելաւել յարաբերութիւնները։ «Երբ երկու կողմերը չեն կրնար խօսիլ, խօսելու իրաւունքի կը յաւակնին երրորդ կողմերը, չորրորդ կողմերը, անոնք, որոնք արտասահման են,- ըսած է պատրիարքը:- Այդ բոլոր հարցերը մենք պէտք է լուծենք։ ԲԱՅՑ ՔԱՆԻ ՈՐ ԱՅՆ ԿԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻ, այն կ'օգտագործուի որպէս լծակ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու համար»:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքը չի՛ կրնար խօսիլ պայմանական դաշնակցականի բառապաշարով, չի՛ կրնար խօսիլ հայկական ազգայնականուեան դիրքերէ, այդ պարագային ինքն ուղղակի պատրիարք չըլլար:

Իսկ «Սապահ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ մարդը համարեայ բառացի կ'ըսէ Թուրքիոյ իշխանութեան՝ լուծեցէ՛ք ձեր հարցերը հայերու հետ, ճանչցէ՛ք ցեղասպանութիւնը, թոյլ մի՛ տաք, որ երրորդ երկիրները օգտագործեն այն ձեր դէմ՝ յանուն իրենց շահերուն»: