image

Սուրբ Յակոբի հարիսան անպայման պէտք է ըլլար աքլորի միսով

Սուրբ Յակոբի հարիսան անպայման պէտք է ըլլար աքլորի միսով

Յակոբ Այնթապլեան

 

Սերմնցու ցորենէն աւելցածը Սուրբ Յակոբի հարիսային կը յատկացնէին: Հարիսան անպայման պէտք է ըլլար աքլորի միսով:
Աւանդութիւնը կ'ըսէ թէ Մծբնայ Սուրբ Յակոբ Հայրապետը տեսնելով թշնամիէն պաշարուած ժողովուրդին սովահար վիճակը, կը թելադրէ որ մնացորդ վերջին ցորենահատիկները լեցնեն կաթսաներու մէջ եւ մորթեն աքաղաղներ ու նետեն զանոնք նոյն կաթսաներուն մէջ եւ պատրաստեն հասարակաց վերջին ճաշը՝ եղբայրօրէն ուտելու եւ եղբայրօրէն մեռնելու համար:

Աւանդութիւնը կ'ըսէ նաեւ որ երբ ժողովուրդը ուտելով զբաղած էր, Սուրբ Յակոբ Հայրապետը բազկատարած աղօթքի կեցած էր: Այդ պահուն, անծանօթ պատճառով, թշնամին պաշարումը կը վերցնէ եւ կը հեռանայ ընդմիշտ: Այդ օրէն ասդին, Սուրբ Յակոբի տօնին հարիսա կը պատրաստեն, եւ պայման էր, որ աքաղաղի միսով ըլլար: