image

Նոր պատրիարքին օրինականութիւնը պիտի չճանչնամ. Կարօ Փայլանի գրառումը

Նոր պատրիարքին օրինականութիւնը պիտի չճանչնամ.  Կարօ Փայլանի գրառումը

Սագօ Արեան կը գրէ.

Կարօ Փայլան, գրառում մը կատարելով, արդէն իսկ յայտարարեց, որ չորեքշաբթի օր ընտրուելիք պատրիարքին օրինականութիւնը պիտի չճանչնայ: Հայ պատգամաւորը նաեւ նախատած է Թուրքիոյ այն վարիչները, որոնք կանոնադրութիւնը հրապարակած են ու նաեւ այն հայ գործիչներն ու կրօնաւորները, որոնք համագործակցած են պետութեան հետ։

Ըսելիք շատ բան ունիմ, սակայն մասնագիտական աշխատանքս կը թելադրէ լուռ մնալ։ Կը յուսամ, որ ենթադրութիւններս սխալ դուրս կու գան, որովհետեւ այս դարաւոր համայնքի միասնականութեան հետ խաղալը, կամ ժողովուրդի կամքին դէմ երթալը մեզի միայն վնասակար տեղեր տարած է։

Պատմութենէն սորվելիք ունի՞նք։ Ատ ըսէք մէկ հատ։ 

#Ժողովուրդը պիտի ընտրէ իր Պատրիարքը։