image

Կարեւոր զարգացում Իրաքի մէջ. Երկրի վարչապետը որոշած է հրաժարիլ

Կարեւոր զարգացում Իրաքի մէջ. Երկրի  վարչապետը   որոշած է  հրաժարիլ

Սագօ Արեան  կը  գրէ ՝

 

 

Կարեւոր զարգացումներ կը կատարուին Իրաքի մէջ։ Երկրի վարչապետ Ատէլ Ապտըլ Մահտի քիչ առաջ յայտարարեց, որ ծրագրած է իր հրաժարականը դնել խորհրդարանի սեղանին։ Ապտըլ Մահտիի այս որոշումը լսելի կը դառնայ երէկ գիշեր տեղի ունեցած բախումներէն ետք։ Ըստ տարբեր աղբիւրներու Իրաքի երէկուան բախումներուն հետեւանքով զոհուած են հարիւրաւոր մարդիկ ( Ըստ «Ալ Արապիյա» կայանին երէկ զոհուածներուն թիւը հասած է 400-ի։ Իրաքի մէջ եւս ցոյցերը ընթացք առին տնտեսական պահանջներով եւ դարձան քաղաքական օրակարգ։ Իրաքցիները, որոնք դժգոհ են իրենց կառավարութենէն, երկրին մէջ առկայ դրութիւնը կը վերագրեն իրանեան միջամտութեան ու շատ մը պարագաներու Իրաքցի ցուցարարներ հանդէս եկան հակաիրանեան լոզունգներով։ Իրաքցի ցուցարարներ հրկիզեցին Քարպալա քաղաքին մէչ գտնուող Իրանի հիւպատոսարանը, բան մը որ իրավիճակը աւելիով ծանրացուց։ Ապտըլ մահտիի այս քայլը հեռու է երկրի վիճակը հանդարտեցնելէ, որովհետեւ ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Իրաքի պարագային ցուցարարները «անգլուխ» են եւ անոնց պահանջները (վարչապետի եւ կառավարութեան պահանջէն բացի) յստակ չեն ձեւաւորուած։ Սպասենք զարգացումներուն։