image

Վեց ամսէն ալ քիչ ժամանակ կը մնայ, որ դառնայ 100 տարեկան

Վեց ամսէն ալ քիչ ժամանակ կը մնայ, որ դառնայ 100 տարեկան

Տ. Սերովբէ վրդ. Իսախանեան. Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ

 

Անցեալ կիրակի Ֆրանքֆուրթի կողմերն էի եւ առիթն օգտագործելով այցելեցի մեր համայնքի աւագագոյն անդամին՝ Կարպիս (Կարապետ) Կոստանեանին։

Վեց ամիսէն ալ քիչ ժամանակ կը մնայ, որ դառնայ 100 տարեկան։ Հիւծուած է շատ, բայց իր տարիքի համեմատ դեռ յիշողութիւնը բաւական լաւ է (6 ամիս էր ինձ չէր տեսած, բայց անմիջապէս ճանչցաւ), տեսողութիւնն ու լսողութիւնը՝ նոյնպէս։ Կը մաղթեմ իրեն եւ կ'աղօթեմ առ Աստուած, որ Տէրը անոր արժանի դարձնէ տեսնելու եւ ապրելու իր 100-ամեակը։

Հարցուցի.

-Ի՞նչ կը ցանկայիր ընել։

Հետաքրքիր էր, թէ ինչ կը փափագէր գրեթէ 100-ամեայ ծերունին։
 

Պատասխանեց.

Կ'ուզեմ անգամ մը եւս Պոլիսը (Իսթանպուլը) տեսնել։ Բայց նաեւ Երեւանը, Սբ. Էջմիածինն ալ կ'ուզեմ նորէն տեսնել։
 

-Ինչո՞ւ,-հարցուցի:

Պոլիսը ծննդավայրս է, ինչ ունիմ, հոնկէ ունիմ,- պատասխանեց։ -Իսկ Հայաստանը հայրենիքս է։ Ես հայ եմ։ Չեմ կրնար մէկը միւսէն նախընտրել։ Երկուքն ալ ինծի շատ հարազատ են։

Ափսո՜ս, սիրելի Կարպիս, որ այլեւս անհնարին է ցանկութիւնդ ի կատար ածել։ Երկու ցանկութիւններդ ալ աւելի քան հասկնալի են, երանի կարենայի իրագործել։