image

Թուխով բաժնուեցայ Հալէպէն...

Թուխով բաժնուեցայ Հալէպէն...

Հալէպահայ գործիչ՝ (ներկայիս Ժընեւ հաստատուած) Մաթիկ Էպլիղաթեան կը գրէ.-

Եօթը տարուան բացակայութենէն ետք այցելեցի ծննդավայրս` Հալէպ:

Հայրենիք այցելութիւնը որպէս զբօսաշրջիկ` չէր բաւեր, սփիւռքահայու մեր դառն ճակատագրին վրայ կայ այլ երեւոյթ մը` ծննդավայրի այցելութիւնը:

Սուրիոյ պատերազմի ճիրաններուն մէջ մէկուկէս տարի ապրելէ ետք, արձակուրդով մեկնեցանք Պէյրութ, այդ օրերուն չէի կրնար երեւակայել, թէ միայն եօթը տարի յետոյ Ժընեւէն … արձակուրդով պիտի վերադառնայի Հալէպ:

Եկայ, տեսայ, ուրախացայ… Ոմանք կրնան զարմանքով հարց տալ, թէ ուրախալի ի՞նչ երեւոյթ գտար:

Պատասխանը` հոն ապրող արիւնակիցներուս աչքերուն մէջ գտայ, անոնց գոյատեւելու տրամադրութեան, մշակութային արժէքներու պահպանման, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու կամքին, ժուժկալ ապրելակերպին եւ զրկանքները դիմագրաւելու հոգեբանութեան մէջ գտայ…

Անդրանիկ Ծառուկեանի «Երազային Հալէպը» երկրորդ հատորի կողքին հետեւեալ հաստատումը տպուած է. «Հալէպահայութիւնը, ֆիզիքական առումով, որքան ալ նուազի, որքան ալ պակսին թիւերը, արմատը կը մնայ: Ես համարած եմ, խորունկ գիտակցութեամբ, որ հալէպահայութիւնը ամբողջ սփիւռքի ծաղիկն է: Եթէ սփիւռքահայութիւնը նմանցնենք համեղ, անուշ պտուղի մը, այդ պտուղին կորիզը, այդ պտուղին սնունդ տուող առաջին հունտը Հալէպ քաղաքը եղած է եւ կը մնայ: Կրնամ ըսել, որ այսօր սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ դիրք ունեցող, ազգային, գրական, կուսակցական դեր կատարող մարդոց իննսուն առ հարիւրը ելած են Հալէպէն»:

Այս խօսքերը հեղինակը արտասանած է 1983-ին, Հալէպի մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին ցեղասպանութեան պատճառով «Սեպիլի վրաններ»-ու տակէն եւ գաղթակայաններու թիթեղածածկ խրճիթներէն դուրս եկած սուրիահայը կը ներկայանար երկրի բարգաւաճ կենցաղ ապրող բնակիչներուն առաջին գիծին վրայ, ապա յաջորդող երեսուն տարիները սուրիահայ գաղութի պատմութեան ոսկեդարը հանդիսացան, ազգային եւ միութենական բոլոր կառոյցները մեղուափեթակի երեւոյթ կը պարզէին մինչեւ աննախատեսելի աղէտի օրերը:

Հալէպահայու մասին Ծառուկեանի այս հաստատումը անգամ մը եւս փաստուեցաւ սուրիական ահաւոր պատերազմին ատեն, բոլոր այն գաղութներուն մէջ, ուր գաղթեց ու կայք հաստատեց ան, Աւստրալիայէն մինչեւ Քանատա: Դէպի հայրենիք ներգաղթն ալ ուրիշ էր, հալէպահայը այնտեղ տարաւ իր արհեստն ու խոհանոցը` Արեւելքի բոյրով համեմուած:

Հալէպ վերադարձայ ինձմէ առաջ այցելողներու մասամբ վատ տպաւորութեան ազդեցութեան տակ: Սակայն պատահեցաւ հակառակը, լիբանանեան սահմանը հատելէ ետք, սուրիացի առաջին պաշտօնեան անցագիրս ստուգելով` «Եօթը տարուան բացակայութենէ ետք բարի եկած ես» խօսքով յուզեց զիս, կոկորդս սեղմուած էր, սակայն տրամադրութիւնս` բարձրացած, մինչ կը լսուէր արեւածագէն առաջ աքլորկանչերուն ուղեկցող մզկիթին առաւօտեան աղօթքի հրաւէրի կոչը:

Խանասէրի մահուան ճանապարհը իսկապէս հաճելի չէր, հանգիստի պահուն վարորդները կը խօսէին նախորդ օրուան արկածին մասին, կրկին զոհ մը աւելցած էր հարիւրաւորներու շարքին, ելեւէջերով ընթացող ճամբուն վրայ. ինծի համար, յիսուն տարուան յետադարձ յիշողութեամբ ճամբորդութիւն մըն էր Հալէպէն Իտլիպ ուղին, որ կը շարունակուէր դէպի Դամասկոս կամ Լաթաքիա, նեղ երկար, մէկ ուղութեամբ, սակայն բաղդատելի չէր անցեալին հետ, հիմա աւելի վտանգաւոր ու խճողուած դարձած էր, արագընթաց սուրացող ինքնաշարժներու մէջ նստած, օրերով քուն չտեսած աչքերդ անգամ չեն փակուիր:

Հալէպ հասնելու մեզի ծանօթ դասական ազդանշանը մայրուղին էր, մինչեւ Ամերիկեան քոլեճի դիմաց, երկրագունդի բոլորակը, ուր կը հասնէինք երկրի հարաւ-արեւմուտքէն:

Այս անգամ մենք արեւելքէն կու գայինք, անապատային տարածքէն աւերակ գիւղերու ընդմէջէն հասնելով Ճապուլի աղի լիճը, Սֆիրէի եւ Ճըպրինի գաւառը, յետոյ մուտք գործեցինք օդակայանի մայրուղիին աւարտը` դէպի Արղուպ Համիտիէ եւ Սուլէյմանիէ թաղամասերը:

Կարօտցած էի Հալէպի ժխորը, ինքնաշարժներու անընդհատ ճչակները, տարիներու կարօտը, յառաջադէմ երկրէ մը գալու իրավիճակս մոռցած էի, տասնեակ տարիներով օրական անցած ճամբաներս բազմահազար յիշատակներ պեղեցին, այս տրամադրութեամբ հասայ հօրենական տունս, ուր մայրս արդէն գալուստիս ուրախութիւնը կ՛ապրէր օրերէ ի վեր:

Հայաստանը` որպէս հայ ժողովուրդի վախճանական նպատակ, որեւէ ժամանակ այսքան ծանօթ չէր տեղացիներուն համար, զիս տեսնողներուն առաջին հարցումը կ՛ըլլայ` «Հայաստան կը գտնուէի՞ր»:

Կար ժամանակ, երբ մեզի կրօնակից տեղացիներէն ոմանք «Հայու բեկորներ» արհամարհական մակդիրը կու տային, հիմա իրենք կը ցանկան այդ «բեկորներ»էն ըլլալ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար:

Շուրջ երեսուն տարիներու երկարութեամբ հիմնած բոյնս, փա՛ռք Տիրոջ եւ վիլլաներու շրջանը պահպանող մեր տղոց, որեւէ վնասի չէր ենթարկուած, եօթը տարի առաջ դուռը փակելու պահուն դուրս եկայ սովորական արձակուրդի մեկնողի մը հոգեբանութեամբ, օդակայան փոխադրող ինքնաշարժին մէջ պայուսակներս զետեղելու պահուս աչքերս հանդիպեցան վաղեմի ընկերոջ մը աչքերուն, որ կը վարէր Զաւարեան վարժարանի շտապ օգնութեան վերածուած ինքնաշարժը: Նայուածքը խիստ էր, զգացի, որ տկար եմ` ի տես հարիւրաւոր անձնազոհ հայորդիներուն, որոնք հաւատարմօրէն պահեցին եւ ոմանք նահատակուեցան հայկական թաղերու պաշտպանութեան եւ ժողովուրդին կարիքները հոգալու ճամբուն վրայ: Բիւր յարգանք անոնց յիշատակին եւ անփոխարինելի վաստակին:

Համրուած օրերը շուտ անցան, «Կիլիկիա» գրատան-հրատարակչատան վերաբացման հարցումներուն մասին պատասխան չունէի, այսպիսի մտածում մը, ընտանեկան պարտաւորութիւններուս ի տես, զիս կը դնէ աքցանի մը մէջ: Ասպարէզիս հետ կապուած պետական եւ հարկային պարտաւորութիւնները խլեցին ժամեր ու ժամեր: Մթերանոցի եւ վաճառատան փակ վիճակէն գոյացած խոնաւութիւնը որոշ վնասներ պատճառած էին, սակայն բաղդատելով ոմանց աղէտեալ, կողոպտուած եւ քանդուած, ինչպէս տեղացիները կ՛ըսեն` «Հացի դուռ»երուն հետ, ընդունելի եւ գոհացուցիչ էր վիճակս: Գրասէր հասարակութեան մօտ զգալի էր բացակայութեանս պատճառով անոնց ունեցած ծարաւը:

Հինգ տարիներ գեհենի սահմաններէն ներս ապրող քաղաքին իւրաքանչիւր թաղամասը ունի հորերու վրայ կառուցուած ժողովուրդին ջուր տուող աղբիւրներ, որոնց ցամքած երեւոյթը եւ քակուած ծորակները կը հաստատեն, որ մղձաւանջային օրերը անհետացած են: Տակաւին օրուան ընթացքին սակաւաթիւ ժամեր կը գործեն հսկայ ելեկտրաշարժակները, որոնք «ամփեր» կը մատակարարեն հոսանքի ընդհատումի ժամերուն:

Հալէպի բազմատեսակ արտադրութիւնները իրենց որակով եւ մատչելի սակերով շլացուցած են բոլոր այցելուները, յատկապէս` դրացի երկիրներէն, հիմա տեղական դրամանիշի անկումով, ընդհանրապէս բոլոր սակերը տասնապատկուած են: Սակայն նոյն համեմատութեամբ չէ բազմապատկուած քաղաքացիին եկամուտը:

Մետաքսի ճամբուն վրայ դարերու ընթացքին իրենց այլազանութեամբ, առատութեամբ եւ մատչելի սակերով աշխարհահռչակ Հալէպի հնադարեան շուկաները աւերի եւ քանդումի պատճառով տեղաշարժի ենթարկուած են: Բազմադարեայ փակ շուկայի խանութպանները տարածուած են քաղաքին մէջ: Սերունդէ սերունդ փոխանցուած այդ վաճառատուներուն ասպարէզները ոմանց մօտ մականուն է արդէն, որ պահած են հարիւրաւոր տարիներ: Ժամանակակից սերունդը կը հաւատայ, որ իր ապրած սեւ օրերը անցողիկ են, իրենք շուտով պիտի վերադառնան իրենց բնօրրանները, վերածաղկեցնեն արհեստներն ու ասպարէզները եւ փոխանցեն գալիք սերունդներուն:

Դժբախտաբար աշխարհասփիւռ հայորդիներս այս տրամաբանութեամբ շրջապատը չենք դիտեր, այլ` Ամենակալին մեզի շնորհած կեանքի տարիներու պրիսմակէն միայն: Իր ոտքերուն տակ հայրենի հողը ունեցող քաղաքացիին հոգեբանութիւնը տարբեր է մեր պանդուխտի մտայնութենէն, անոր կեանքը փոքր մասնիկ մըն է իր հայրենիքի պատմութենէն, աղէտները եւ ձախորդ օրերը կը յաղթահարուին այս հոգեբանութեամբ, ազգերն ու ժողովուրդները իրենց յաղթանակներն ու նուաճումները կը կերտեն այս ըմբռնումներով:

Սուրիան արաբական աշխարհի մէջ կիներու իրաւունքները հաստատող առաջին երկիրը հանդիսացած է, ուսման, քուէարկութեան, ինքնաշարժ վարելու, պետական պաշտօններու եւ այլազան բնագաւառներու մէջ խտրութեան պատը վաղուց քանդուած էր: Կիներու աշխատանքը սովորական երեւոյթ մըն էր որոշ մարզերու մէջ նախապատերազմական շրջանին, կրթական մարզի մշակները գրեթէ մեծամասնութեամբ կիներ էին: Պատերազմի պատճառով երիտասարդ այրերու բացակայութիւնը զգալի է ամէն տեղ, ի պատիւ կանանց, մանաւանդ` մանկամարդուհիներու, հպարտօրէն ականատես եղայ կիներու մուտքը զանազան ասպարէզներու մէջ, պետական հաստատութիւններու մէջ` որպէս գործակատարներ, համակարգիչներու շուկային մէջ` որպէս ծրագիրներու մասնագէտներ, խոհանոցային սպասարկութիւններու եւ ճաշարաններու մէջ զանազան դիրքերու վրայ, առեւտուրի ու շուկայի մէջ նոյնիսկ մսավաճառ կին տեսայ:

Որպէս ուխտաւոր` այցելեցի ամիսներ առաջ նորոգուած, կերպարանափոխուած եւ վերաօծուած հոգւոյս ծննդավայր` Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի: Ապա յուզումնախառն հոգեվիճակով մելամաղձոտ քալեցի… հոգւոյս խորքը կայք հաստատած թաղերէն, ուր մանկութեանս յաճախ կ՛այցելէի ազգականներու եւ հոն ապրող ընկերներու տուները, դուրս եկայ Սալիպէի մուտքի դռնէն անցնելով նախակրթարանիս` Ազգային Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժնի փողոցէն, ապա` Ճիտետիէի շուկայէն դէպի «Սահաթ ալ Հաթապ», դիմացը քառակոյտերու տափարակ դաշտ մը կար, ուր կը կանգնէր երբեմնի ճաշարան «Տար Զամարիան», ետեւն ալ երկրորդ մասնաշէնքի աւերակները կ՛երեւէին, մտայ Արծիւեաններուն բակը. հոն աւերակներուն մէջ կանգուն էր քեպպեթի ծառը եւ կեդրոնի աւազանը: Տեղ-տեղ սկսած էր վերաշինութեան աշխատանքը, յատկապէս` մզկիթները եւ կարգ մը խանութներ, Հալէպի երբեմնի Ուսումնասիրաց վարժարանի վայրը` Սահեթ Թանանիրէն հասայ Պապ էլ Նասրի ներսի թաղերու աւերակները, հոս կանգ առի, երբ հեռուէն նկատեցի ամբողջովին նորոգուած Քաուաս բաղնիքի մուտքը, որուն առջեւ ուրբաթ առաւօտուն հաւաքուած երիտասարդները կը սպասէին նախորդ օրը ամուսնացած իրենց ընկերը, բաղնիք բերելու աւանդական սովորութեան… Յուզումը խեղդեց կոկորդս, ՀԱԼԷՊԸ Կ՛ԱՊՐԻ… Վերադարձայ Հազազէ թաղէն, դալար ծառերով եւ կանաչ բոյսերով զարդարուած եւ նորոգուած… ԱՅՈ՛, ՀԱԼԷՊԸ ՊԻՏԻ ԱՊՐԻ…

Հալէպահայ գաղութի թիւին նուազումը, անդարմանելի երեւոյթ ըլլալով հանդերձ, հոն ապրող հայորդիք աւելի խոր գիտակցութեամբ կ՛ուզեն աշխուժ պահել հասարակական կեանքը` յաճախակի ձեռնարկներով եւ հանդիսութիւններով: Ներկայ գտնուեցայ Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեանի «Վարք Քահանայից» երկհատոր աշխատասիրութեան շնորհահանդէսին, օրուան թեման կրօնական եւ ընդհանրապէս պատմաբանասիրական ըլլալով հանդերձ, ներկայութեան թիւը խօսուն էր, շուրջ երկու հարիւր հոգի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը գրեթէ լեցուն էր: Զգալի է, որ Սուրիոյ տագնապալից այլ շրջաններէն` Եագուպիէ, Ղնեմիէ եւ Ճեզիրէի գիւղաքաղաքներէն եկուորները մասամբ մը կը լեցնեն գաղթող հալէպահայերու թողած բացը:

Կեցութեանս վերջին օրերուն քաղաքական եւ պատերազմական վիճակը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ լաւատեսութիւն կը ներշնչէր:

Բաժանումի պահը տարբեր էր այս անգամ, յուսալից եւ խանդավառ տրամադրութեամբ ցտեսութիւն մաղթեցի, յաջորդ այցելութիւնս Հալէպի դասական մուտքով կամ օդակայանի ճամբով գալու յոյսով:

Աշնանային տաքը տանելի էր, կարօտ էի Արեւելքի արեւին, որուն ճառագայթները գարնան բնութեան կանաչ գունաւորումին հետ մեր մորթերն ալ թուխի կը վերածեն, վերագտայ կորսնցուցած թուխս ու թուխով տրամադրուած` բաժնուեցայ իմ պաշտելի ծննդավայրէս: