image

Հասած է մեր գրոհին պահը. Վիգէն Յովսէփեան

Հասած է  մեր գրոհին պահը.  Վիգէն  Յովսէփեան

Ամերիկահայ  ազգային-քաղաքական գործիչ Վիգէն  Յովսէփեան, գրառում մը կատարելով, անդրադարձած  է ԱՄՆ Գոնկրեսին կողմէ՝ վերջին  օրերուն հրատապ դարձած  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման   խնդրին: Իր  շահեկանութեան համար գրառումը կը հրապարակենք ամբողջութեամբ.

 

 

 

Դէպի Յաղթանակ.

 

 

Տասնամեակներէ ի վեր ամերիկահայ քաղաքական օրակարգի գլխաւոր մարտահրաւէրը եղած է այն թէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային մարմինները - սկսած Քոնկրէսէն ու հասած նախագահ - չեն ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին` այսինքն որպէս հայ ժողովուրդի դէմ ծրագրուած և գործադրուած ցեղասպանական ծրագիր:

 

Անհատ քաղաքական գործիչներ, քոնկրէսմեններէ  մինչև նախագահական թեկնածուներ յաճախ յայտարարութիւններ կատարած են ու հաստատած Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, Միացեալ Նահանգներէն 50-էն 49-ը ճանչցած են նոյն փաստը, բայց դաշնակցային մակարդակով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը միշտ ալ խաղերու և խոստմնադրժութեան ճամբով չէ յաջողած պաշտօնական ճանաչում ստանալ:

 

Այս ձախողութեան պատճառը կամ պատճառները պարզ են: Առաւելաբար ԱՄՆ-ի աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնելով, միշտ ալ պետքարտուղարութիւնը և ամերիկեան ռազմական շահեր ներկայացնող Փենթակոնը իրենց անխնայ ճնշումները գործադրած են քաղաքական մարդոց և պաշտօնական մարմիններու վրայ չ‘առնելու քայլ մը որ պիտի վնասէ կամ յաւելեալ պրկէ Թուրքիոյ հետ գոյութիւն ունեցող կարևոր կապերը: Այս ճիգին յաճախ միացած են տնտեսական շահերէ թելադրուած շրջանակներ` ռազմա-արդիւնաբերական ընկերութիւններէ մինչև ծխախոտի արտադրութեամբ զբաղող լոբբին: Վերջապէս, պէտք չէ թերագնահատել փրօ-Իսրայէլեան լոբբիին դերը որ մեծ եղած է այս գծով ԱՄՆ-ի առած քայլերը հունաւորելու մէջ` ի ծառայութիւն Թուրքիոյ շահերուն:

 

Մեր հաւաքական «սրտի մխիթարանքը» արտայտած են ոմանք, առաջադրելով այն թէզը թէ այնքան ալ կարևոր չէ թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող բանաձև մը կ‘ընդունուի թէ ոչ պաշտօնական ԱՄՆ-ի կողմէ: Ուրիշներ նշած են թէ օրին նախագահներ իրենց խօսքերուն մէջ ակնարկած են արդէն Ցեղասպանութեան: Տակաւին ուրիշներ առաջարկած են պայքարը փոխադրել դատարաններու հարթութիւն` ձեռք քաշելով ճանաչման գործընթացէն: Այս «մխիթարանք»ները անշուշտ իրատէսութեան կամ րէալփոլիթիքի շպարին տակ փախուստի ճամբաներ են բուն մարտահրաւէրէն:

 

Բարոյական գետնի վրայ այնքան խորհրդանշական ու կարևոր յաղթանակը իր կարգին, քաղաքական գետնի վրայ անգնահատելի կարևորութիւն կը ներկայացնէ ԱՄՆ-ի կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը` որ ինքնին հիմքը պիտի ծառայէ զայն յաջորդող բոլոր քայլերուն և քաղաքական նախաձեռնութիւններուն:

 

Անհեթեթութիւն է հաւատալ թէ կարելի է յաջող և խելամիտ կերպով հետապնդել Ցեղասպանութեան վնասներու գծով հատուցումներ ձեռք բերելու քայլեր, առանց այդ բոլորի հիմքը հանդիսացող պատմական փաստի պաշտօնական ճանաչման: 

 

Հետեւաբար, ամերիկեան կամ նոյնիսկ միջազգային  դատարաններու մակարդակով ցեղասպանութեան աւերներու գծով փոխ-հատուցման ձգտող քայլերուն համար շատ կենսական արժէք ունի պաշտօնական ԱՄՆ-ի ճանաչումը:

 

Տասնամեակներու վրայ երկարող, մի քանի սերունդներու կողմէ ճանաչման ձգտող ժրաջան և մաշեցնող գործունէութիւնը այս շաբաթ յաղթանակի պատեհութիւնը մը կը ստանայ: Քաղաքական կեանքի տրամաբանութիւնը մեզ թելադրած է յաղթանակին համար պատրաստել ու պատրաստուիլ` յարմարագոյն պահուն գրոհը յաջողութեամբ պսակելու համար:

 

Այսօր մեր գրոհին պահը հասած է:

 

Աշխարհաքաղաքական, ինչպէս նաև ամերիկեան քաղաքական իրավիճակը մեր յաղթանակին համար նպաստաւոր գետին ստեղծած է, և ուրեմն պարտինք մեր գրոհին անցնիլ: Երկու օրէն, Ներկայացուցիչներու Տան մէջ քուէարկութեան պիտի դրուի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձևը:

 

Մեր ազգային գերագոյն շահերէն թելադրուած, Արցախի խնդրով թրքական քայլերը զսպելու նպատակով, մինչև իսկ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ճիշտ տեղը դնելու համար, «Ցեղասպանութեան Բանաձևը» պէտք է անյապաղ ընդունուի:

 

Յաղթանակը մերն է, եթէ այս երկու օրերուն աւելի լարենք մեր կարողականութիւնը և գործենք կարգապահութեամբ:

 

Յաղթանակը մերն է եթէ իւրաքանչիւրս չի զլանայ իր անմիջական մասնակցութիւնը բերելու միասնական և հաւաքական ճիգին:

 

Միանա ՛նք պայքարին, և անսանք Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ րոպէ առ րոպէ կատարուած թելադրանքներուն` ճնշման տակ պահելով բոլոր անհատ քոնկրէսականները անխտիր:

 

Յաղթանակը մերն է` ուստի դէպի յաղթանակ: