image

«Կարծէք Հարիրի դարձեալ ճնշումի տակ է, մինչ անցեալին զինք կը ճնշէին, որ չհրաժարի, հիմա կը ճնշեն, որ հրաժարական տայ...»

«Կարծէք  Հարիրի դարձեալ   ճնշումի տակ է, մինչ անցեալին   զինք կը  ճնշէին, որ չհրաժարի, հիմա կը ճնշեն, որ հրաժարական տայ...»

 «Արեւելք»ի նախկին խմբագիր Սագօ Արեան    կը գրէ ՝

 

 Փորձեմ  ներկայացնել     Պէյրութի   5-րդ օրուան   զարգացումները (Երկուշաբթի `21.10.2019)

 Ցոյցերը  կը շարունակուին. Ընդհանրապէս  ցոյցերու բնոյթը  խաղաղ է  եւ լիբանանցիք    առաջին  անգամ ըլլալով       միասնական ոգիով  է, որ   կը խօսին։  Եթէ համեմատենք  թուականի   ընդհանուր պատկերին, այսօր իրավիճակը բաւական տարբեր է, այն  իմաստով, որ  այսօր    դաւանական, համայնքային բաժանումներ  գոյութիւն չունին։ 

Ցուցարարներն  են, որ կ՚ըսեն «Քրիստոնեայ կամ իսլամ, շիիթ, սիւննի տիւրզի կամ  մարոնի... բոլորս մէկ ենք եւ մեր նպատակն է  ձերբազատուիլ   երկրի  այսօր  քաղաքական  վերնախաւէն...»

  Տարբեր շրջաններու  մէջ      ցուցարարները մարդկային  անցքեր կը բանան    հիւանդանոց  փութացողներուն,  դեղի պակաս ունեցողներուն,   լրագրողներուն եւ  բժիշկներուն։

 

  Պաապտայի  նախագահական  պալատին մէջ   կառավարական նիստ գումարուեցաւ, որմէ բացակայեցան «Լիբանանեան ուժեր»  կուսակցութեան  չորս նախարարները։

 

  Կառավարական նիստի  աւարտին վարչապետ Սաատ Հարիրին  հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ եւ ինչպէս կ՚ակնկալուէր  հանրութեան ներկայացուց  տնտեսական  բարեկարգումներու ամողջ  փաթեթը, որուն  երկու  հիմնական  կէտերն են  ՝   քաղաքական   գործիչներու ամսականներուն յիսուն առ հարիւրով նուազումն ու  երկրի  տագնապի լուծման  համար  դրամատուներէն      նիւթական  աջակցութիւն ակնկալելը։

 

   Ցոյցի ելած    ժողովուրդը, ոչ  այնքան  դրական արձագանգեց Հարիրիին. Մեծ  թիւով  ցուցարարներ  կրկին  անգամ    յայտարարեցին, որ իրենք  երբեք  վստահութիւն չունին       այս   կառավարութեան։

 Երեսփոխան Ուալիտ  Ժոմպլաթի    քաղաքական թեւը   մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկաւ,   Նախարար Ուաէլ  Ապու Ֆահուր դրական  համարեց   բարեփոխումներու  փաթեթը։

 Լրատուական  ծառայութիւններ    յայտնեցին, որ      «Դեմոկրատական- յառաջդիմական»  կուսակցութեան       առաջնորդ   Ուալիտ ժոմպլաթը իր նախարարներէն   պիտի  խնդրէ, որ հրաժարական  տան, քանի  որ անոնց համար  անհամատեղելի է    գործակցիլ   եւ նոյն   սեղանին վրայ  գտնուիլ        արտ. գործ. նախարար    Ժըպրան Պասիլին հետ։

 

 Լիբանանի  զբօսաշրջութեան  նախարար  Աւետիս Կիտանեան «ՇԱՆԹՆՅՈՒԶ»ին  խօսելով   պահը  համարեց պատմական եւ նշեց, որ եղած    բարեփոխումները   կարեւոր  առիթ  են Լիբանանի  համար։ 

 

 Մարոնիներու Ռահի Պատրիարքը  կրօնական առաջնորդներու    արտահերթ ժողովի մը հրաւիրեց, որ պիտի  կայացուի  չորեքշաբթի  օր մարոնիներու   Պքէրքէյի   պատրիարքարանին մէջ։

 Երեկոյեան ժամերուն  կարգ  մը ապահովական նոր երեւոյթներու ականատես  եղանք. Այսպէս  «Ամալ» շարժումի եւ «Հըզպալլա»ի  դրօշներով «զինուած» եւ մոթոսիքլէթներ   վարող  երիտասրդներ փորձեցին     մօտենալ Կեդրոնական  Պէյրութի մէջ  հաւաքուած  ցուցարարներուն. Բանակը  մտավաութիւն ունենալով, որ         այդ ընթացքով կրնան  անախորժ  դէպքեր պատահիլ  միջամտեց եւ         այդ  շրջաններէն հեռացուց          այդ   մասսան։

 Աւելի ուշ «Ամալ» եւ «Հըզպալլա»  հանդէս եկան  յայտարարութիւններով եւ հերքեցին,  որ որեւէ կապ ունին այդ  երիտասարդներու  շարժումներուն հետ։

 

 

Վերլուծման  փորձ

 

 Վարչապետ  Սաատ Հարիրի,   շատ մտահոգ չէ, որ ժողովուրդը   պիտի շարունակէ     փողոցը մնալ։  Ան   նոյնպէս  հաւաստեց,  որ  ոչ մէկ կերպ   ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ պիտի կիրառուի։   Իմ տեսակէտով ցոյցերը  Հարիրիի  սրտովն են, ու անոնք կը գօտեպնդեն զինք իր   աշխատանքը  խափանողներուն եւ        իր տանելիք   գործընթացները  խանգարողներուն դէմ։

 

 Հարիրի  այնուամենայնիւ հանգիստ չէ,  երբ  անցեալին    Սէուտական  Արաբիոյ   կը ճնշէր, որ ան հրաժարական տայ,  այսօր  Լիբանանեան  կողմեր կը ճնշեն, որպէսզի հրաժարական չտայ։

 Նախագահը  դուրս ելաւ  իր լռութեան պահէն   ու սակայն    իր խօսիլը, ոչինչ  փոխեց. Լիբանանցիներու մեծ  տոկոսը  կարծես լռելեայն սկսած է հաւատալ, որ կառավարութեան հրաժարականէն    ետք, իրենք պէտք է Պաապտայի պալատ  բարձրանան ու  այս անգամ  պահանջեն  նախագահ Աունի հրաժարանականը։

 Երեսփոխան     Սուլայման  Ֆրէնժիյէ,   որ նախագահական ընտրութիւններու կարեւորագոյն թեկնածուներէն է, յայտարարեց, որ Աուն     աւելի խաղաղ  անցընելու համար իր նստաշրջանի մնացած  օրերը   պէտք է «զոհէ» իր   փեսան ՝ Ժըպրան Պասիլը։

 

 Խորհրդարանի նախագահ Պըրիի  կը շարունակէ  իր անհասկնալի լռութիւնը. Պըրրի   կարծես  թէ յոգնած  է  ու նաեւ մտահոգ իր դէմ  բարձրացած  բողոքի  ալիքէն (նոյնիսկ իր   շրջաններուն մէջ)։

 

 Վարչապետ  Հարիրի կարեւոր սլաք մը  նետեց երէկ, երբ առաջին անգամ ըլլալով  յայտարարեց, թէ այս ցոյցերը  կոտրեցին  համայնքային դրութեան կարծարտիպը։

 Դրամատնային ոլորտը     ապահով է, սակայն    եթէ տագնապը չլուծուի եւ դրամատուները  բացուին,  այն ատեն երկրին մէջ ելեւմատական   լուրջ տագնապ կ՚առաջանայ եւ տոլարը  կրնայ մինչեւ     2000  լիրա  դառնալ։

 

 Փողոցը կը շարունակէ մնալ   կացութեան տէրն ու տիրականը  ու կան տուեալներ, որ   գալիք ժամերուն  փողոցին մէջ  պիտի յայտնուի   այս  ցոյցերը   առաջնորդող   հիմնադիր խորհուրդ մը, որ պիտի  հանդիսանայ   քաղաքական կարեւոր կողմ եւ բանակցող։ Սպասենք 6-րդ օրուան զարգացումներուն։

 Յ.Գ.  Լուսանկարը ՝ «Ալ Ախպար»  թերթի   շապիկն է. գրութիւնը՝ «Իշխանութիւնը կը մեծնայ»