image

Ամերիկա անգամ մը եւս իր ձեռքերը կը լուայ ...

Ամերիկա  անգամ մը եւս իր ձեռքերը կը լուայ ...

 

«Արեւելք»ի  նախկին խմբագիր Սագօ Արեան կը գրէ ՝

 

Լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականի այսօրուան գլխաւոր մանշէթը աւելի քան բարացուցական է։ Թերթը վերնագրած է ՝ «Ամերիկան՝ իր գործակալներուն. Դուք ձեր գլխու ճարին նայեցէք ...» Եւ այս առաջին անգամը չէ, որ Սպիտակ Տան առաջնորդը ինչ-ինչ բրակմաթիք հաշիւներու յենելով իր ձեռքերը կը լուայ.. եւ այս պարագային ԱՄՆ-ի վերջին տարիներու քիւրտ դաշնակիցները առանձինն կը մնան Թուրքիոյ աղէտալի սպառնալիքներուն դիմաց։
Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու իրադրութիւնը բաւականին մտահոգիչ է եւ աւելի քան պարզ է, որ նոյնիսկ եթէ Անգարան զինուորական նոր գործողութեան մը չձեռնարկէ ընթացք առած է քիւրտերը թուլացնելու, նոյնիսկ ապազինելու գործընթաց մը... Մինչ անցեալին կը խօսուէր Ռոճովա անունով անկախ շրջանի մը կերտման մասին, այսօր արդէն նոր կացութիւն է տիրողը։ Պատմութեան դասերէն չսորվիլը շատ թանկ հաշիւի կը հանգեցնէ, որուն մէջ ալ դահիճները զոհ կը դառնան, իսկ իրապէս իրաւազրկուածները կը կը յայտարարուին օրինազանցներ։