image

Պէյրութը՝ հիճապի ներքոյ. Յուսահատ, անկումնային տրամադրութիւն...

Պէյրութը՝ հիճապի ներքոյ. Յուսահատ, անկումնային տրամադրութիւն...

Բանաստեղծուհի, գրական գործիչ Արուսեակ Օհանեանը օրերս վերադարձած է Լիբանանէն: Առաջին անգամ չէ, որ ան կ'այցելէ Լիբանան՝ ամէն անգամ վերադառնալով մէկ այլ տպաւորութեամբ: Այս անգամ այսպիսին են Արուսեակի տպաւորութիւնները, որ ան, մեր խնդրանքով, տրամադրեց Արեւելքին».

 

 

Տապ, պտղառատ ու քաղցր քաղաք, քաքթուսի պտուղի ամենահամեղ շրջան ու քաղաքական ներքին, արտաքին վերջին խմորումներու պատճառով տիրող յուսահատ, անկումնային տրամադրութիւն՝ այս է ներկայիս Պէյրութի մէջ տիրող իրավիճակը: Փողոցային առեւտուրը, որքան ալ որ քոլորիտային է ու անսահման սիրուն, դեռ կը յուշէ, որ երկրի մէջ կը տիրէ ծայրայեղ յետամնացութիւն: Ցաւալի է,  որ փողոցային փոքրիկ առեւտուրն ալ կը մտնէ փակուղի, ուր մնաց թէ  մեծ վաճառակէտերն ու խանութները, սնունդի սպասարկման կէտերը... Զարմանալի է, բայց արաբ տնակեաց կանայք դեռ ծառան կը պահեն, սուրիացին ալ վաղուց դարձած է լիբանանցիի աչքի փուշը՝ աժան աշխատուժով ու օրուայ մէկ փոր հացով կշտացող: Քաղաքը կքած է հիճապի տակ, երբ միեւնոյն ժամանակ հայկական Պուրճ Համուտ թաղամասին մէջ կը տիրէ մեծ ոգեւորութիւն: Հայ վաճառականներու հետ բազմաթիւ զրոյցներ ունեցայ, որոնք բարեւէն ետք կը նշէին, որ Հայաստանի մէջ հող ունին, բոյն ունին, տուն ունին, որ մեր երկիրը այժմ դրախտ է ու շատ ապահով յատկապէս ընտանիքներու կեցութեան, երեխաներու կրթութեան համար: Պէտք է նշեմ նաեւ, ոմանց կանայք, երեխաները արդէն իսկ կ'ապրին Հայաստանի մէջ՝ Լիբանանի մէջ աշխատող ու թանկ վարձատրուող ընտանիքի հօր աշխատասիրութեամբ: Թերեւս միակ մտահոգութիւնն այս էր, որ Հայաստանի մէջ նոյն ծառայութիւնը մատուցելու դիմաց պիտի ստանան իրենց ըսելով  «գրոշներ»: Ի յաւելում նշեմ միայն՝ պարոնա՛յք, Հայաստանի մէջ մատուցուող ծառայութիւններն ու գիներն ալ բաւականին աժան են, այնպէս որ՝ անվարան դուրս եկէք արաբական հիճապի տակէն, մենք ձեզ սիրով կը սպասենք: