image
Հրատապ լուրեր:

Անգարայի մէջ Հայ ժողովուրդի դահիճներէն՝ Թալաթի պաստառները պարզած են.MARMARA

Անգարայի  մէջ Հայ  ժողովուրդի  դահիճներէն՝ Թալաթի պաստառները  պարզած են.MARMARA

 Պոլսոյ  «Մարմարա»  պարբերականէն կը կարդանք ՝

 «Ինչպէս քանիցս հրապարակած ենք, Թուրքիոյ մէջ շատ ծանր հակազդեցութիւններու տեղի տուաւ Սողոմոն Թէհլիրեանի այն արձանը որ բացուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ ուր կը տեսնուի որ Թէհլիրեան ոտքի տակ առած է Թալաթ փաշայի կտրուած գլուխը: Թուրքիոյ զանազան շրջանակներէն բարձրացող բողոքներուն միացան նաեւ Ատրպէյճանէն բարձրացող բողոքները:

«Այտընլըք» կը հաղորդէ թէ Ատրպէյճանի ամէնէն հեղինակաւոր ու ազդեղիկ լրատու կայանները մանրամասնօրէն հաղորդեցին տեղեկութիւններ այն ցոյցի մասին որ որպէս բողոք, Անգարայի Ուլուս հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ Վաթան կուսակցութեան «Էօնճիւ երիտասարդութիւն» կազմակերպութեան կողմէ:

Թէեւ ցոյցի մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած, բայց լուսանկարներէն կը տեսնուի, որ ցուցարարները վերտառութիւններ բացած են ու գրած են, որ այս արձանը պէտք է վերցուի: Ցուցարարները Թալաթ փաշային նկարները պարզած են ու պոռացած են, որ մէկ Թալաթ կը մեռնի, հազար Թալաթ կը ծնի»։