image

Շարլ ըսաւ. «Ի՜նչ քաղցր աշուղային ձայն ունի, ըսէ իրեն, որ միայն հայերէն երգէ»

Շարլ ըսաւ. «Ի՜նչ քաղցր աշուղային ձայն ունի, ըսէ իրեն, որ  միայն հայերէն երգէ»

Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան

 

Ատիս արժանի է մեր ամէնուն յարգանքին և աղօթքներուն: Շատ մեծ դեր խաղաց իր քաղցր ձայնով և հայերէն երգերով Պուրճ Համուտի տուներէն դուրս շպրտելու Կիլիկիոյ գաղթական հիւղաւանէն թրքական-հնդկական կարօտի երգերը և իր արշաւը շարունակելու մինչեւ Քալիֆորնիա: 
Կը յիշեմ իմ առաջին հանդիպումս.  Վահանի հետ (Ճանսզեան)` Պուրճ Համուտի խանութին մէջ ուր կ՛աշխատէր, ինծի նուիրեց իր առաջին քասէթը` խնդրելով, որ երբ Փարիզ վերադառնամ Ազնաւուրին կարծիքը առնեմ: Խոստումս կատարեցի Շարլ ըսաւ. «Ի՜նչ քաղցր աշուղային ձայն ունի, ըսէ իրեն, որ թող միայն հայերէն երգէ, տասնեակ հազարաւոր են օտար լեզուով երգողները»: Ատիս հաւատաց և դարձաւ մեր ամէնուս սիրելի հայ երգիչը: