image

Ամենօրեայ դրական յոյզերով եւ հաճոյքներով մեր հոգին սնելը մեր պարտականութիւնն է. Հոգեբան

Ամենօրեայ դրական յոյզերով եւ հաճոյքներով մեր հոգին սնելը մեր պարտականութիւնն է. Հոգեբան

Հրաչեայ Ամիրեան. Հոգեբան

 

Ակնյայտ է, որ եթէ մենք մեր մարմինը զրկենք սնունդէ, ամէն օրուայ համար անհրաժեշտ քալորիներու չափաբաժինէն, ապա մարմինը արագօրէն կը թոշնի, կը հիւծի, կը կորսնցնէ աշխատունակութիւնը, կը գեշնայ եւ շատ շուտով տարբեր հիւանդութիւններ գլուխ կը բարձրացնեն։ Մարմինը կը նմանի լիցքաթափուած մարտկոցներով սարքաւորման, այն դեռ կ'աշխատի, բայց վայ այդպիսի աշխատելուն։ 

 
Ճիշդ նոյն բանը մեր հոգիի հետ կը կատարուի։ Եթէ մենք մեզ չապահովենք ամէն օրուայ համար անհրաժեշտ ուրախութիւններու եւ հաճոյքներու չափաբաժինով, ապա ան մեր մարմնի օրը կ'իյնայ: 


Ամենօրեայ դրական յոյզերով եւ հաճոյքներով մեր հոգին սնելը մեր պարտականութիւնն է։ Ինչո՞ւ սպասել, որ ուրիշ մարդ մը մեզ ուրախացնէ, հաճոյք պատճառէ կամ երջանկացնէ։ Իւրաքանչիւրը պարտաւոր է հոգալ ինքն իրեն, այլ ոչ թէ մակաբոյծի պէս այդ գործը դնէ ուրիշներու ուսերուն։