image

Թիրախը Նախարար Ժըպրան Պասիլի քաղաքական պայքարն է

Թիրախը  Նախարար Ժըպրան  Պասիլի  քաղաքական  պայքարն է

 

«Արեւելք»ի  նախկին  խմբագիր Սագօ Արեան կը  գրէ ՝

 

«Կարմիր լուրեր են Լիբանանէն ... Այսօր յետմիջօրէին յատկապէս Լեռնալիբանանի («Ալ Ժապալ»ի) մէջ տեղի ունեցող զարգացումները լաւ բան չեն յուշեր։ Խնդիրն այն է, որ Լիբանանի ԱԳ նախարար եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեանց գլխաւոր թեկնածու ՝Ժըպրան Պասիլ Տիւրզի համայնքի իր դաշնակիցներուն հետ քաղաքական միթինկ մը պիտի իրականացնէր եւ ատոր դէմ Տիւրզի առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթի համակիրները փողոց իջնելով փորձած են ճանապարհները փակել։ Լարուածութիւնը իր զենիթին կը հասնէր, երբ Դեմոկրատական կուսակցութեան նախարար Սալէհ Ղարիպի երկու թիկնապահները կը զոհուէին, երբ վերջինիս շարասիւնը կ՚անցնէր «Քապրշմուն» աւանէն։ Այս բոլորը կրնան ընթանալ երկու ուղղութեամբ քաղաքացիական «լայթ» պատերազմ մը եւ անշուշտ Պասիլի «սեւ ագրաւ» դառնալը, որ ձեռնտու է բոլոր անոնց, որոնք Լիբանանի համար քրիստոնեայ ուժեղ նախագահ մը չեն ուզեր։ Ի դէպ Պասիլ միակ ՈՒԺԵՂ թեկնածուն չէ գալիք «խաղին» համար, սակայն կարեւորներէն մին է»։