image

Մեծ մայրիկիս Ս. Զատկուան քաթան Հաճընէն մինչեւ Ժընեւ

Մեծ մայրիկիս Ս. Զատկուան քաթան Հաճընէն մինչեւ Ժընեւ

 

Հալէպահայ գործիչ Մաթրիկ  Էպլիղաթեան կը գրէ՝

Հալէպի հայաշատ թաղերուն մէջ, Աւագ շաբթուան ընթացքին, կիրակնօրեայ խորովածի ծուխին նման կը տարածուի կարկանդակներուն բոյրը:
Արեւմտահայաստանի տարագիր ժողովուրդը իր հետ բերաւ այս տոհմիկ սովորութիւններն ու բարքերը: Մօրենական մեծ մայրս Հաճընէն Իսքէնտերուն, մօրաքոյրս եւ մայրս Պէյրութ ու Հալէպ, աղջիկներն ու մեր ընտանիքը արդէն հարիւրամեակէ մը ի վեր այս դրօշարշաւը կը շարունակեն: