image

Յակոբ Չոլաքեան. Քեսապի մէջ Ծաղկազարդին «Ծառզարդուօր» կ’ըսեն

Յակոբ Չոլաքեան. Քեսապի մէջ Ծաղկազարդին «Ծառզարդուօր»  կ’ըսեն

Ծառզարդար

Քեսապի մէջ Ծաղկազարդին «Ծառզարդուօր» (Ծառզարդար) կ’ըսեն: Մեր մանկութեան օրերուն, գարնանաշունչ այս տօնին գիւղական եկեղեցիները կը լեցուէին մանուկներով եւ պարման-պարմանուհիներով: Ծաղկազարդը անոնց տօնն էր, թէեւ մեծերն ալ խանդավառ տրամարդութեամբ կը փութային եկեղեցի: Այդ տօնին մանուկներն ու պարման-պարմանուհիները կը հագուէին նոփ-նոր զգեստներ: Ծաղկազարդին ձմեռնային հագուստները կը փոխարինուէին գարնանայիններով: Այսօր մարդիկ կարծես կորսնցուցած են նոր զգեստ ունենալու հաճոյքը:

Գիւղական դպրոցներու փոքրիկները շաբաթ օր (ազատ օր էր) խումբ-խումբ կ’երթային ծմակները, լեռնալանջերն ու հեռու արտերը` ծաղիկ հաւաքելու: Սիրուն ու հոտաւէտ ծաղիկներէն բացուած կ’ըլլային շատերը. սարփը ծաղէկ (սարի ծաղիկ), եալալա (լալա), նարճիէս (նարգիս), դամբուզօկ (գնդածաղիկ), մէքը դըմմուօկ (գառան դմակ), ըղտը պունճօկ (ուղտի հլուն), սընպըլ (սմբուլ), մէնըշկը մար, (մանուշակի մայր), պըրրը մէնուշուօկ (վայրի մանուշակ), մաղվը ծաղէկ (մաղուածաղիկ) եւ այլն: Փունջ-փունջ ծաղիկներով ու ծաղկած ոստերով կը զարդարէին եկեղեցւոյ մուտքը, պատուհանները, ուր որ արտօնուած էր:
Եօթը բուրաւէտ ծաղիկներ ու խոտեր շաբաթ իրիկուն կը դնէին ջուրին մէջ: Առտուն այդ ջուրով ձեռք-երես կը լուային: Այս ջուրին «իւթնիւս» կ’ըսէին: Լուացուելէն առաջ լաթի մը վրայ եօթը խոթ ասեղ-դերձան կ’անցնէին, ապա մնացեալ դերձանը եօթը անգամ կը հանգուցէին ու լաթը պարտէզ կը նետէին: Ասոր «Քօրտըկըմ կէպիլ» կ’ըսէին:

Ծաղկազարդի առաւօտուն նոր փեսաները ձիթենիի ճիւղեր կը բերէին եկեղեցի ու կը զարդարէին գաւիթը: Եւ երբ քահանան Աւետարանէն կը կարդար «Եւ այլք ոստս ի ծառոց հատանէին» բառերը, ժողովուդրը կը յարձակէր ձիթենիի ոստերուն վրայ` ճիւղ մը փրցնելու համար: Եկեղեցիէն բերուած ձիթենիի ճիւղը կը կախէին տան պատին կամ կ’ամրացնէին պատին դրուած նկարի մը շրջանակին ու կը պահէին մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ: Երիտասարդները երկու տերեւ իրար անցնելով խաչ կը շինէին ու կ’ամրացնէին իրենց ձախ լամբակին:

Ծաղկազարդի գլխաւոր կերակրատեսակներն էին «սըսըռուօն գըլուօր» (սիսեռով գլոր), «սէօտ գըլուրուօկ» (սուտ գլորակ ), «թըթթը գըլուրուօկ» (թթու գլորակ) եւ «քէմէնուօն գըլուօր» (գետնախնձորով գլոր):
Ի՞նչ մոռցած ենք արդեօք: