image

Միքայէլ եպս. Աջապահեան. «Այս բոլոր տարիներուն կը զգայի իր ներկայութեան կարիքը»

Միքայէլ եպս. Աջապահեան. «Այս բոլոր տարիներուն կը զգայի իր ներկայութեան կարիքը»

Անձնական խոր ցաւ ապրեցայ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ սրբազան պատրիարքի վախճանումով, որուն հայրական եւ եղբայրական մտերմութիւնը վայելելու երջանկութիւնը ունէի 1986֊էն ի վեր՝ մինչեւ իր անդառնալի անցումը դէպի յիշողութեան կորուստի հանգրուան։ Այս բոլոր տարիներուն կը զգայի իր ներկայութեան կարիքը, եւ այժմ կը մխիթարուիմ, որ մարմնի կապանքներէն արձակուած իր հոգին աւելի մերձ պիտի ըլլայ մեզի՝ մեր առաքելութեան մէջ զօրավիգ։ Հանգչիր խաղաղութեամբ, սիրելի աւագ եղբայր։


Նկարին մէջ՝ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս, Գարեգին պատրիարք, Միքայէլ վարդապետ, 1993, Կ.Պոլիս