image

Աբրահամ Երէցեան ՄԱՐԴԸ հեռացաւ մեզմէ

Աբրահամ Երէցեան ՄԱՐԴԸ հեռացաւ մեզմէ

Մանուէլ Քէշիշեան


Որքա՜ն ալ տխուր ըլլայ իրականութիւնը, կը մնայ իրականութիւն եւ մենք ստիպուած ենք հաշտուիլ իրականութեան հետ. այսօր ստիպուած ենք հաշտուիլ շատ ցաւալի իրականութեան հետ, որ մեզի կը ստիպէ ընդունիլ Տոքթօր Աբրահամ Երէցեանի մահուան իրողութիւնը: 

Այո՛, երկու օր առաջ կորսնցուցինք իրա՛ւ ազնուագոյն հայ մը, 1922 թուականին հայկական Եագուպիէի մէջ ծնած եւ ապա հայկական այս գիւղաքաղաքին նահապետը դարձած Աբրահամ Երէցեանը, Եագուպիէի պատմութիւնը անջնջելիօրէն արձանագրած «Եագուպիէն երէկ եւ այսօր» գիրքին հեղինակը, Հալէպի մէջ գործած մարդասէր բժիշկն ու նուիրեալ միութենականը: 


Կը ցաւինք եւ կը մխիթարուինք իր ժառանգ թողած բարի եւ օգտաշատ յուշերով ու գործերով:


Միմիայն սէր քու յիշտակիդ, միմիայն յարգանք՝ մեծ յարգանք քեզի ԱԲՐԱՀԱՄ ԵՐԷՑԵԱՆ՝ ՄԱՐԴ: