image

Առանց սակարկելու լծուեցէք Այնճարի մաքրազտման գործին. Մտահոգութիւն

Առանց սակարկելու լծուեցէք Այնճարի մաքրազտման գործին. Մտահոգութիւն
Յակոբ Այնթապլեան

                    Մեր հին թաղերու նոր բնակիչները

 

 
Այս տարի Այնճարը կը պատրաստուի տօնելու իր հիմնադրութեան 80-ամեակը:
Սիրելի հեռաւոր եւ մօտաւոր մուսալեռցի այնճարցիներ,
եթէ կը հաւատաք Այնճարի իւրայատկութեան՝ այն է, հայրենիքէն դուրս անզուգական հայրենի օրրան՝ փոքրիկ Հայաստան.
Եթէ կը հաւատաք, որ Այնճարը համայն հայութեան անփոխարինելի հարստութիւնն է.
Եթէ կը հաւատաք, որ Այնճարի ազգային դիմագծի պահպանումով է յաւերժացումը մեր նահատակներու կտակին.
Եթէ հպարտ էք, որ Ճէպէլմուսացի էք.
Ուրեմն՝ առանց սակարկելու լծուեցէք Այնճարի մաքրազտման գործին.
Գիւղին մէջ տրուած վարձու տուները՝ ոչ հայերու, ձեր երեւակայածէն շատ աւելի են.
Տակաւին չենք խօսիր անոնց վարձու տրուած տեսակաւոր խանութներու մասին, որոնց թիւը այս ընթացքով պիտի գերազանցէ մեր հայրենակիցներու ունեցած խանութներու թիւէն՝ ալ աւելի զգալի դարձնելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տնտեսական տագնապը գիւղացիներուս մօտ:
Տակաւին կայ աւելի զգայացունցը՝ գիւղին մէջ այսօր արդէն տասը տարեկան ոչ հայ մանուկներ կան ծնած, որոնց լեզուն ոչ թէ միայն հայերէն սկսած է բացուիլ, այլ անոնք իրենց ապագան միայն Այնճարի մէջ սկսած են տեսնել:
Մտահոգութիւնը համագիւղական բնոյթ ունի եւ ոչ մէկ անարգական նպատակ կը հետապնդէ մեր թաղերու նոր բնակիչներուն հանդէպ:
Կը կարծեմ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յիշարժան եւ ամենաթանկագին նուէրը ձեր կողմէ՝ վերականգնումն է մեր ազգային հայեցի դիմագծին:
Օ՜ն ուրեմն, ձեռք ձեռքի լծուինք գիւղի մաքրազտման անխոնջ աշխատանքին...